2016-09-12 08:45:00

Իրլանտացի հաւատացեալներու զօրակցական ուխտագնացութիւնը Սուրբ Երկիր։


(Ռատիօ Վատիկան) Տարւոյս սեպտեմբեր 9էն սկսեալ, 177 Իրլանտացի հաւատացեալներ ուխտագնացութիւն մը կը կատարեն, յայտնելու իրենց զօրակցութիւնը Սուրբ Երկրի Քրիստոնեաներուն։ Ուխտագնացութիւնը, որ պիտի աւարտի սեպտեմբերի 17ին, կը կատարուի Արմաղի Արքեպիսկոպոս եւ Իռլանդայի Եպիսկոպոսապետ՝ Գերապայծառ Իմըն Մարթինի կողմէ։

Իրլանտայի Եպիսկոպոսական Ժողովի յայտարարութեան համաձայն, «Այս ուխտագնացութիւնը կ՛ուզէ միջոց մը ըլլալ, զօրակցութիւն ցուցաբերելու Սուրբ Երկրի քրիստոնեաներուն, որոնց թիւը վերջին տասնամեակներուն նուազած է։» Ասոր համար, «շատ գնահատելի է հաւատացեալներու ներկայութիւնը, որոնք կու գան այլ երկիրներէ», որովհետեւ ուխտաւորները Սուրբ Երկրի քրիստոնեաներուն կը յիշեցնեն՝ թէ «անոնք մոռցուած չեն, եւ ուրախութեան ու յոյսի նշոյլ մը կը բերեն անոնց տառապանքի խաւարին մէջ։» «Սուրբ Երկրի  մէջ ապրող շատ մը քրիստոնեաներ, առանձին եւ լքուած կը զգան, եւ կը վախնան որ անտեսուին՝ առաւել եւս մոռցուին, արտերկրացի իրենց եղբայրներէն եւ քոյրերէն»։

Այս ոսպնեակէն դիտուած, իրլանտացի հաւատացեալներու ուխտագնացութիւնը «զօրակցութեան շօշափելի արտայայտութիւն մըն է, մասնաւորապէս ներկայ ժամանակի մէջ, ուր տարածաշրջանի քրիստոնեաները կ՛ապրին տառապանքով, եւ ենթակայ են կրօնական հալածանքներու, եւ ընկերային ու տնտեսական լուսանցքայնացման»։ Ուխտագնացութեան հանգրուանները պիտի ըլլան՝ Գալիլեա, Բեթղեհէմ եւ Երուսաղէմ։

Հանդիպում տեղի պիտի ունենայ Բեթղեհէմի քաղաքապետին, եւ Երուսաղէմի Լատին Պատրիարքութեան եպիսկոպոս Ուիլիըմ Շոմալիի հետ։ Գերապայծառ Մարթին կը մաղթէ, որ ուխտագնացութիւնը ըլլայ ճամբորդութիւններու շարանի մը լոկ սկիզբը, որ միշտ աւելի իրլանտացիներ առաջնորդէ դէպի այդ պատմական տարածաշրջանը։ Ան կը յիշեցնէ Իրլանտայի եւ Սուրբ Երկրի մէջ գտնուող ժողովրդապետութիւններու զուգորդութեան կարեւորութիւնը՝ «տեղական համայնքներուն՝ գործնական եւ նիւթական օժանդակութիւն տրամադրելու նպատակով»։








All the contents on this site are copyrighted ©.