2016-09-11 12:15:00

Ֆրանչիսկոս Պապ. ''Աստուած միշտ համբերութեամբ կը սպասէ որ մենք վերադառնանք իրեն''։


(Ռատիօ Վատիկան) Կիրակի 11 սեպտեմբեր 2016-ի կէսօրին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանեց Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքը, ու այս առթիւ` մեկնաբանեց օրուան աւետարանը­  զոր քաղուած էր Ղուկասի Աւետարանի 15-րդ գլուխէն, որ համարուած է Ղուկաս Աւետարանիչի ''ողորմութեան'' գլուխը, որ կը պարունակէ Յիսուսի պատմած երեք առակներ (կորսուած ոչխարը, կորսուած դրամը, անառակ որդին,)  որոնցմով Յիսուս պատասխան կու տայ Փարիսեցիներու ու դպիրներու տրտունջներուն։

Անոնք կը քննադատէին Յիսուսին վարուելակերպը ըսելով ''Այս մարդը մեղաւորները կ՛ընդունի եւ անոնց հետ կ՛ուտէ''։ Երեք առակներով Յիսուս կ՛ուզէ հասկցնել թէ Հայր Աստուած առաջինն է որ մեղաւորներուն նկատմամբ ողորմածութիւն կը ցուցաբերէ։ Առաջին առակին մէջ արդարեւ հովիւը կը լքէ 99 ոչխարները ու կ՛երթայ կորսուածը փնտռելու։  Երկրորդին մէջ կինը որ տասը կտոր արծաթը կորսնցուցած է ամէն ինչ կ՛ընէ զայն գտնելու համար իսկ երրորդ առակին մէջ Աստուած ներկայացուցած է որպէս հայր մը` որ իր որդին կ՛ընկալէ պանդխտութենէն վերադարձին։ Հօր այս պատկերը կը բացայայտէ Աստուծոյ սիրտը որ յայտնուեցաւ Յիսուսի մէջ - ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը մատնանշելով թէ այս երեք առակները միաւորող տարրն է ''միասին ուրախանալը, խնճոյքը''։

Հովիւը իր բարեկամները կը կանչէ ու անոնց կ՛ըսէ ''խնդակցեցէք ինծի, որովհետեւ գտայ կորսուած ոչխարս''։ Կինը իր դրացիներուն կ՛ըսէ ''ուրախացէք ինծի հետ որովհետեւ գտայ կորսուած դրամս'' ու Հայրը իր մեծ զաւկին կ՛ըսէ ''պէտք է ուրախանայինք եւ տօն ընէինք որովհետեւ այս եղբայրդ մեռած էր եւ ողջացաւ, կորսուած էր`գտնուեցաւ''։

Այս վերջինս կը խորհրդանշէ հօր սրտին ողորմութիւնը - ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը բացատրելով թէ ''Այս երեք առակներով Յիսուս մեզի կը ներկայացնէ բազկատարած հայր մը որ մեղաւորները կ՛ընկալէ գթութեամբ եւ քնքշութեամբ'' ու թէ աւելիով յուզում արտայայտող առակը, որուն մէջ կը յայտնուի Աստուծոյ անսահման սէրը, կը մնայ անառակ որդիին առակը, որուն մէջ հայրը կ՛ողջագուրէ իր վերագտած զաւակը։

''Աստուած միշտ համբերութեամբ կը սպասէ որ մենք վերադառնանք իրեն ու երբ հեռուէն կը տեսնէ մեզ, վազելով կը փութայ մեզի ու իր գիրկը առնելով կը ներէ մեզ։ Անոր ներումը կը ջնջէ անցեալը ու մեզ կը վերակենդանացնէ սիրոյ մէջ'' ըսաւ ապա Նորին Սրբութիւնը  յայտնելով թէ Աւետարանի այսօրուայ հատուածը մեզի կը ներշնչէ մեծ յոյս մը` ''չկայ մեղք մը որուն մէջ ընկղմած ըլլանք, որմէ կարելի չէ ազատիլ` Աստուծոյ շնորհքով, որովհետեւ Աստուած չի յոգնիր մեզ սիրելէ, նոյնիսկ երբ մեղանչենք''։

Թող Սուրբ Կոյսը` ապաստան մեղաւորաց, մեր սրտերուն մէջ վառէ վստահութիւնն ու յոյսը որ անառակ որդոյն սրտին մէջ ցայտեց ''Ելլեմ երթամ հօրս տունը եւ ըսեմ. Հայց մեղանչեցի''։ Այս ճանապարհով մենք կրնանք ուրախութիւն պատճառել Աստուծոյ որուն ուրախութիւնը ապա մերը կը դառնայ - յարեց Ֆրանչիսկոս Պապ խորհրդածութեան աւարտին ապա արտասանեց Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքը որմէ ետք ողջունելով հրապարակը համախմբուած հաւացեալները անոնցմէ խնդրեց յատուկ աղօթք կատարել Կապոնի հանրապետութեան համար որ քաղաքական տագնապի օրեր կ՛ապրի։

''Տիրոջ կը յանձնեմ բախումներու զոհերն ու անոնց ընտանեկան պարագաները ու կը միանամ այդ ափրիկեան սիրելի երկրի եպիսկոպոսներուն, հրաւիրելու համար կողմերը` մերժելու որեւէ տեսակի բռնութիւն ու միտ որպէս նպատակակէտ ունենալու հասարակաց բարիքը։ Բոլորը ու յատկապէս կաթողիկէները կը քաջալերեմ ըլլալու խաղաղութեան կառուցողները, օրէնքը յարգելով, երկխօսութեամբ ու եղբայրութեամբ ըսաւ Սրբազան  Քահանայապետը  նշելով թէ այսօր Խազախիստանի մէջ Երանելիներու շարքին կը դասուի Լատիզլաօ Պուքովինսքին որ իր հաւատքին համար հալածուեցաւ ու իր կեանքի ընթացքին սէր ցուցաբերեց աղքատին ու տկարին,  մարմնական ու հոգեւոր ողորմութեան ներգործութիւններու վկայութեամբ։

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը հուսկ ողջունեց հրապարակը համախմբուած այլ խումբեր ու բոլորին մաղթեց բարի կիրակի խնդրելով ինչպէս միշտ որ չմոռնան աղօթել իրեն համար։








All the contents on this site are copyrighted ©.