(Ռատիօ Վատիկան) Շաբաթ 10 սեպտեմբեր 2016-ի յետմիջօրէին, Իտալիոյ Պերկամօ թեմին աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ տեղի կ՛ունենայ Հայր Փիերպաթթիսթա Փիցցապալլայի եպիսկոպոսական օծման արարողութիւնը։
Հայր Փիցցապալլան անցեալ 24 յունիս 2016-ին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին կողմէ նշանակուեցաւ Երուսաղէմի Լատիններու պատրիարքութեան առաքելական հոգաբարձու։
Օծման արարողութիւնը կը գլխաւորէ Արեւելեան Եկեղեցիներու ժողովի կառավարիչ` կարդինալ Լէոնարտօ Սանտրի, առընթերակայութեամբ Երուսաղեմի Լատիններու երբեմնի Պատրիարք` Ֆուատ Թուալի ու Պերկամոյի եպիսկոպոս` գերապայծառ Ֆրանչէսքօ Պեսքիի։
Հայր Փիցցապալլա ծնած է 21 ապրիլ 1965-ին Պերկամոյի թեմին պատկան Քոլոնիօ Ալ Սերիօ քաղաքին մէջ։ Փոքր հասակին մուտք գործած է Ֆրանչիսկեաններու Միաբանութեան նորընծայարան եւ առաջին ուխտերը կատարած է 7 սեպտեմբեր 1985-ին միշտ մշտնջենաւոր ուխտերը կատարած է 14 հոկտեմբեր 1989-ին։ Փիլիսոփայական եւ Աստուածաբանական ուսումները աւատելէ ետք Քահանայ ձեռնադրուած է 15 սեպտեմբեր 1990-ին, ապա մասնագիտական ուսմունքը շարունակած է Սուրբ Երկրին մէջ։
1999-ի Յուլիս երկուքին իր գործունէութիւնը սկսած է ''Սուրբ Երկրի պահակութեան'' ներքոյ եւ 2004-ին ընտրուած է որպէս Սուրբ Երկրի Պահակ սոյն պաշտօնը վառելով մինչեւ 2016-ի ապրիլ ամիսը։
All the contents on this site are copyrighted ©. |