2016-09-10 08:25:00

Հայ Եկեղեցւոյ մէջ Վանականութիւնը (ԺԱ.)


Հայ Եկեղեցւոյ Վանականութեան համար շահեկան գրուածք մըն է Եղիշէ Վարդապետի “Բան Խրատու Յաղագս Միանձանց” (Խրատ միայնակեացներու համար)։

Նախորդ Հաղորդումին մէջ լսեցինք, թէ ինչպէս Եղիշէ Վարդապետ կը նկարագրէ միայնակեացներու եւ վանականներու կեանքը։ Այդ գրուածքը մեզի տեղեկութիւններ կու տայ, թէ ինչպէս կ’ապրէին կրօնաւորները։ Անոնք աղօթքի մարդիկ էին, հրաժարած աշխարհէն, սակայն ոչ հեռու իրականութենէն։ Կը նկարագրէ անոնց հագուածքը, սնունդը եւ առօրեան։ Այսօրուան հաղորդումին մէջ կը շարունակենք կարդալ Եղիշէ Վարդապետի նկարագրութիւնը, ուր ան կ՛անդրադառնայ կրօնաւորներու հոգեւոր կեանքին։

Ինչպէս Եղիշէ մեզի կը տեղեկացնէ, հոգեւոր կեանքը չի կայանար միայն աշխարհէ հրաժարելու, ծոմապահութեան, աղօթքի եւ խստամբեր կեանքի մէջ։ Կրօնաւորներու հոգեւոր կեանքին մաս կը կազմէ Սուրբ Գրքի քարոզութիւնը։ Եղիշէ կը յիշէ, թէ անոնք, որոնք վարդապետելու շնորհք ունին, կը մեկնեն Սուրբ Գիրքը՝ ի մխիթարութիւն լսողներու։ Այս քարոզութիւնը, կամ Սուրբ Գրքի մեկնաբանումը կը կատարուի ժողովուրդին համար։ Հետեւաբար կրօնաւորը աշխարհէն բոլորովին անջատ անձ մը չէ, այլ աղօթքի եւ ճգնազեաց կեանքի մէջ կը գտնէ հոգւոր ոյժը՝ կարենալ ըլլալու Աւետարանի վկան՝ կեանքով եւ քարոզութեամբ։

Ապա Եղիշէ Վարդապետ կը յիշէ քանի մը բացատրութիւններ, որոնք, առնուած Սուրբ Գրքէն՝ ստէպ կը գործածուին հոգեւոր մատենագրութեան մէջ, նկարագրելու համար կրօնաւորական կեանքի նուիրեալները եւ ընդհանրապէս սուրբ հայրերը եւ սուրբերը։ Եղիշէ կը յիշէ թէ “Միայնակեացները իրենց անձը չեն համարիր մարմնի մէջ, այլ երկնքի մէջ։ Անոնք մերկացած են երկիրը եւ հագած են երկինքը։ Հրեշտակներու դասակիցներ են եւ Սուրբ Երրորդութեան օթեւաններ։”

Սուրբ Վարդապետը կը գրէ՝ “Կրօնաւորները արթննալով միասնաբար կը հաւաքուին շրջանակ կազմելով,  առանց հակառակելու եւ առանց ընդդիմանալու, քաղցր հաւանութեամբ եւ հեզ հանդարտութեամբ։ Դասերու առաջնորդները շարականներ կ’երգեն՝ հոգեւոր երգերու զանազան քաղցր մեղեդիներով, իսկ միւսները՝ աւելի կրտսերները, ուշադրութեամբ լսելով՝ անոնց կը խառնեն իրենց ձայները՝ յարմար եւ միաբան հնչումով, որպէսզի բազմաթիւ ձայները հնչեն իբրեւ մէկ բերանէ։ Եւ այսպէս անցընելով ձայնաւոր պաշտամունքը՝ կը ծնրադրեն բոլորը, կ’աղօթեն լռութեամբ, ապա աղօթքի առաջնորդի ակնարկով բոլորը ոտքի կանգնելով՝ փառաւորութիւն կը կատարեն։ Աւարտելով ցերեկի պաշտամունքը՝ անոնք լաւ կը համարին գիշերը վաղ արթննալ եւ մինչեւ առաւօտ աղօթել. եւ կ’ընթերցեն Սուրբ Գրքերը։ Իսկ անոնք, որոնք վարդապետելու շնորհք ունին, կը մեկնեն զանոնք՝ լսողներու մխիթարութեան համար։ Կը պատմեն աշխարհի լինելութեան մասին, որ ոչինչէն գոյացաւ, եւ մէկ առ մէկ ժողովուրդին բարի խրատներ կու տան Սուրբ Գրքերու վկայութեամբ։ Եւ այսպէս կ՛ուսուցանեն, մինչեւ լսողները կը մոռնան աշխարհիկ ամէն բան եւ նոյնիսկ չեն յիշեր հարկաւոր ուտելիքն ու ըմպելիքը։

Եւ այդպէս ուրախանալով Աստուծոյ սիրով՝ մինչեւ իսկ իրենց անձը չեն համարիր մարմնի մէջ, այլ երկնքի մէջ, եւ հեշտութեամբ կ’անցընեն երկար գիշերը մինչեւ առաւօտ։

Անոնք մերկացած են երկիրը եւ հագած են երկինքը։ Մահը կ՛ամչնայ անոնց դռներուն դիմաց, իսկ դժոխքը կը դառնանայ, որովհետեւ զօրութիւն չունի անոնց վրայ։ Անոնց կենդանութիւնը դուռն է աշխարհի աղօթքին, իսկ անոնց ոսկորները գանձ են բոլոր ապաւինողներուն։ Անոնց մասին լսելը խրատ է բոլոր ծուլացողներուն, անոնց գործերը կ՛ուսուցանեն բոլոր կամեցողները. անոնք հրեշտակներու դասակիցներ են եւ Սուրբ Երրորդութեան օթեւաններ։”








All the contents on this site are copyrighted ©.