2016-09-10 09:04:00

Կիրակի 11 Սեպտեմբեր 2016 ՏՕՆ ՍՈՒՐԲ ԽԱՉԻ


Խաչի խորհուրդը հայկական աւանդութեան մէջ

            Հայ Եկեղեցւոյ գլխաւոր տօներէն մին է Խաչվերացը, որ կը յիշատակէ Սուրբ Խաչի մասունքին յաղթական վերադարձը Պարսկաստանէն դէպի Կոստանդնուպոլիս, 618 թուականին, որմէ ետք` դարձեալ փոխադրուեցաւ դէպի Երուսաղէմ։ Նախապէս Պարսիկները զայն գրաւած էին 614 թուին եւ փոխադրած իրենց մայրաքաղաքը, Տիզբոն։

            Այս տօնը տարուայ հինգ տաղաւարներէն մին է եւ անոր կը հետեւի մեռելոց յիշատակի օր մը, երկուշաբթի։

            Հայ ժողովուրդը իր քրիստոնէութեան դարձի առաջին դարերէն ի վեր` միշտ կիրարկած է պաշտամունքը եւ երկրպագութիւնը սուրբ Խաչին. Խաչի քո Քրիստոս, երկիրպագանեմք։ Յաճախ այլազգիները մեզ կոչած են խաչապաշտ ժողովուրդ, տեսնելով մեր անվերապահ փարումը խաչափայտի մասունքին։ Սակայն մենք խաչին մէջ կը տեսնենք ոչ թէ չարչարանքի դաժան գործիք մը, հնարուած Հռովմէացի մենատիրական իշխանութեան կողմէ, երկարելու համար պատիժը մահապարտեալին, այլ` մարդկային փրկութեան էական եւ անհրաժեշտ միջոցը, կենարար փայտը, պտղաբեր ծառը, որ կը հակազդէ դրախտի մահապտուղ ծառին, որ աւելի կը նմանի Մովսէսի անապատին մէջ բարձրացուցած պղնձեայ օձին, որով ժողովուրդը փրկուեցաւ իրական օձերու խայթոցներէն։

            Յիսուս կ՛ընդունի խաչը, զայն կը վերցնէ իր ուսերուն վրայ, կատարելու համար իր Հօր կամքը, խմելու համար դառնութեան այդ բաժակը, նկատելով այս բոլորը որպէս գինը մարդոց փրկութեան։ Հայ ժողովուրդը քանդակած է սուրբ Խաչը ամէն տեղ, քարի վրայ, որպէս խորհրդանիշ իր աննկուն հաւատքին, հաստատուած ժայռի նման ամէն մի հայու սրտին մէջ։

            Յովհաննէս աւետարանիչ յստակօրէն կ՛ըսէ այսօրուայ աւետարանին մէջ. Աստուած ղրկեց իր Որդին, աշխարհը փրկելու համար. Ով որ հաւատայ անոր` պիտի փրկուի, իսկ ով որ չհաւատայ անոր` պիտի դատապարտուի։ Հայ ժողովուրդը, յետ ճանչնալու Քրիստոսի պատգամը, ընտրեց լոյսը եւ հեռացաւ խաւարէն։ Դրացի ազգերը որոնք գրաւեցին Հայաստանը փորձեցին հանել Հայոց սրտէն այս հաւատքը, նախ Պարսիկները, զրադաշտական կրօնը պարտադրել ուզելով, ապա` Արաբները, իսլամական կրօնքը  տարածել ուզելով Հայերու միջեւ, սակայն Հայ ժողովուրդը, հակառակ բոլոր ճնշումներուն, մնաց անսասան իր քրիստոնէական լուսաւոր հաւատքին մէջ։ Մինչ աւելի հզօր ժողովուրդներ տեղի տուին ճնշումներուն եւ այսօր անոնց մեծ մասը առ յաւէտ կորսնցուց իր հաւատքը, ինչպէս նաեւ ազգութիւնը։

            Հայ ժողովուրդին համար, խաչը խորհուրդ մըն է, թէ ինչպէս այս փոքր ազգը, հակառակ բազմաթիւ ճնշումներու, դարերու ընթացքին, հակառակ հաւաքական ջարդերու եւ ցեղասպան արարքներու, կը մնայ տակաւին կանգուն ու կը շարունակէ իր լոյս հաւատքը կիրարկել եւ տարածել ամենուրեք ուր կը գտնուի, աշխարհի բոլոր կողմերը անխտիր։

            Սիրելի Հայ հաւատացեալ ժողովուրդ, այսօր աւելի քան երբեք, մեր հաւատքը կ՛ենթարկուի ոչ թէ հալածանքի, այլ այսպէս ըսուած ճերմակ ջարդի, որ է անտարբերութիւնը մեր լուսաւոր կրօնքին հանդէպ, որ կը տանի անհաւատութեան։ Պայքարելու ենք անոր դէմ մեր բոլոր ուժերով, որովհետեւ մեր ազգի գոյատեւման գաղտնիքը կը կայանայ մեր քրիստոնէական հաւատքի հանդէպ մեր հաստատուն եւ աննկուն փարումին մէջ. Մնանք լոյսի մէջ, հեռանալով ընդմիշտ չարաշունչ խաւարէն։








All the contents on this site are copyrighted ©.