2016-09-09 10:03:00

Վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան հրաժարեցաւ։


Հայաստանի կառավարութեան հերթական նիստի աւարտին, 8  սեպտեմբերին, Հայաստանի վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան յայտարարութիւն մը կատարելով նշեց, որ իր հրաժարականը կու տայ:

«Անկեղծ, իրատեսական մօտեցումները իրենց արդիւնքները ունեցան, սակայն հասարակութիւնը մնաց տակաւին բեւեռացուած: Հասարակութեան եւ կառավարութեան միասնական ջանքերը անհրաժեշտ են: Այդ պատճառով նոր սկիզբ պէտք է, պէտք է մտածել բոլորին յաջողութեան մասին եւ առիթ տալ նոր կառավարութեան», ըսաւ վարչապետը:

Յովիկ Աբրահամեան աւելցուց, որ հրաժարական կու տայ Հայաստանի վարչապետի պաշտօնէն` հանրապետութեան նախագահին կարելիութիւն տալով կազմելու նոր կառավարութիւն:

Միւս կողմէ, երէկ երեկոյեան Հայաստանի հանրապետական կուսակցութեան խորհուրդի նիստին ընթացքին ելոյթ ունեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան: Հանրապետութեան նախագահը իր ելոյթին ընթացքին շնորհակալութիւն յայտնելով վարչապետ Յովիկ Աբրահամեանին ըսաւ. «Նոր քաղաքական մշակոյթի համար առանցքային է պաշտօնատար անձի մը կողմէ  պաշտօնին չկառչելու առաքինութիւնը, եթէ այդ պաշտօնը կատարելու ընթացքին դուն տուած ես առաւելագոյնը»:

Բարձր գնահատելով վարչապետ Յովիկ Աբրահամեանին քայլը` նախագահը ըսաւ, թէ վարչապետ Աբրահամեանի գլխաւորութեամբ կառավարութիւնը վերջին երկու տարիներուն ընթացքին կրցաւ  ապահովել տնտեսական կայունութիւն, զերծ պահել երկիրը արտաքին աշխարհէն եկող բացասական ազդեցութիւններու հաւանական  հետեւանք հանդիսացող ցնցումներէն, իրականացուող քաղաքականութեան արդիւնքով ապահովել տնտեսական այնպիսի ցուցանիշներ, որոնք շատ մը երկիրներ զանոնք ունենալով ուրախ պիտի ըլլային, սակայն չբաւարարուելով այդ արդիւնքներով եւ միշտ  արձանագրելով, որ Հայաստանին անհրաժեշտ է աւելի բարձր եւ կայուն, երկարաժամկէտ աճ:

Նախագահ Սարգսեան ըսաւ. «Վարչապետ Աբրահամեանը փորձեց պարզ մարդկային լեզուով խօսիլ իր քաղաքացիներուն հետ, լսեց մարդոց ու լսուած եղաւ անոնց կողմէ: Ըսեմ, որ Յովիկ Աբրահամեանը կը պատրաստուի աշխուժօրէն մասնակցիլ գալիք խորհրդարանական ընտրութիւններուն, այնպէս որ մեր միացեալ աշխատանքը պիտի շարունակուի, անշուշտ: Ես կը շնորհաւորեմ Կարէն Կարապետեանը`  Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան ղեկը ստանձնելու առիթով»:

Նախագահը ըսաւ. «Յառաջիկային էական փոփոխութիւններ պիտի կատարուին: Խօսքս նախ եւ առաջ իրականացուող քաղաքականութեան կը վերաբերի, անոր առաջնահերթութիւններուն, նպատակադրումներուն` նաեւ նորացուած սահմանադրութեան պահանջներուն համապատասխանեցման առումով: Իբրեւ հետեւանք` անշուշտ պիտի ըլլան քատրային փոփոխութիւններ: Փոփոխութիւններ պիտի ըլլան կառավարման համակարգի գրեթէ բոլոր մարզերուն մէջ` նախագահի աշխատակազմէն սկսեալ մինչեւ դատաիրաւական համակարգ:

Նախագահը իր խօսքը եզրափակեց նշելով. «Վճռորոշ փուլ կը մտնենք, մեծ է պատասխանատուութիւնը եւ էական են ակնկալիքները: Վստահ եմ, որ բոլորս անվերապահօրէն սատար պիտի հանդիսանանք անոր  նախաձեռնութիւններուն»:








All the contents on this site are copyrighted ©.