2016-09-09 13:50:00

Հրապարակուեցաւ Ֆրանչիսկոս Պապին Շուէտ կատարելիք առաքելական ճամբորդութեան յայտագիրը։


(Ռատիօ Վատիկան) Լուտերական վերանորոգումի 500-րդ տարեդարձի ոգեկոչման ծիրէն ներս, յառաջիկայ 31 հոկտեմբերէն – 1 նոյեմբեր 2016 Ֆրանչիսկոս Պապ երկու օրուայ առաքելական այցելութիւն կը կատարէ դէպի Շուէտ։

Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակը ուրբաթ 9 սեպտեմբերին հրապարակեց այդ առաքելական ճամբորդութեան յայտագիրը որ կը նախատեսէ Ֆրանչիսկոս Պապին մեկնումը Հռոմի Ֆիումիչինօ օդակայանէն` երկուշաբթի 31 Հոկտեմբեր 2016-ի առաւօտեան 8.20-ին, ու անոր Մալմոյի միջազգային օդակայան ժամանումը առաւօտեան 11-ին ուր տեղի կ՛ունենայ պաշտօնական ընդունութիւն, ապա փոխադրութիւն Լունտ`Թագաւորական ընտանիքի այցելութիւն տալու համար, Միասնական համամիութենական աղօթք Լունտի Լուտերական Աթոռանիստ Եկեղեցւոյ մէջ, հուսկ համամիութենական ձեռնարկ Մալմոյի մարզադաշտին մէջ ուր եւ նախատեսուած է համամիութենական պատուիրակութիւններու հետ հանդիպում։

Երկրորդ օրը Նորին Սրբութիւնը առաւօտեան 9.30-ին Մալմոյի մէջ նախագահած Սուրբ Պատարագի արարողութեան աւարտին կը փոխադրուի Մալմոյի օդակայան ուր հրաժեշտի պաշտօնական արարողութենէն ետք` ժամը 12.45-ին, կը բարձրանայ օդանաւ ու վերադարձ կը կատարէ դէպի Հռոմ ուր ժամանումը նախատեսուած է 15.30-ին։ 

Սրբազան Քահանայապետին սոյն ճամբորդութիւնը կ՛ուզէ ընդգծել կաթողիկէներու եւ լուտերական եկեղեցիներու միջեւ վերջին 50 տարիներու երկխօսութեան կարեւորութիւնը








All the contents on this site are copyrighted ©.