2016-09-09 10:12:00

Լաւրով կը խորհրդակցի Մինսկի Խմբակի Նախագահներուն հետ։


ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով Սեպտեմբեր 8ին Մոսկուայի մէջ ընդունած է ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակի համանախագահներ Ճէյմզ Ուորլիք, Իկոր Փոփով, Փիեռ Անտրէ, ինչպէս նաեւ ԵԱՀԿի գործող նախագահի՝ Լեռնային Ղարաբաղի հարցով անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Քասփըրչիք:
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական կայքը կը փոխանցէ, թէ «քննարկուած են Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման հրատապ հարցեր, ներառեալ՝ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման հարցով Վիեննայի մէջ Մայիս 16ին եւ Ս. Փեթերսպուրկի մէջ Յունիս 20ին կայացած գերաստիճաններուն ընթացքին ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններու իրականացման ընթացքը, ինչպէս նաեւ՝ հայ-ատրպէյճանական սահմանին վրայ ընթացիկ իրավիճակը»:

 








All the contents on this site are copyrighted ©.