2016-09-09 09:36:00

Զուիցերիական Պահակախումբի եւ Վատիկանի Ոստիկանութեան Ողորմութեան Յոբելեանը։


(Ռատիօ Վատիկան) Հինգշաբթի, սեպտեմբեր 8ի երեկոյեան, Զուիցերիական Պահակախումբի եւ Վատիկանի Ոստիկանութեան Ողորմութեան Յոբելեանի նշման առթիւ, Վատիկանի Պետական Քարտուղար, կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին պատգամ մը փոխանցեց անոնց, Զուիցերիական Պահակախումբի եւ Վատիկանի Ոստիկանութեան  հոգեւոր կրթութեան աւարտին ու անոնց Սուրբ Պատարագի մասնակցութեան ու Սուրբ Դուռի անցքէն ետք։

Կարդինալ Փարոլին այս առիթով նշեց, թէ անոնց կը յանձնուին ծածուկ զէնքեր։ Այդ զէնքերն են՝ Սուրբ Հաղորդութիւնը, կեանքի խօսքեր, վարդարան մը եւ Սուրբ Դուռը, որոնք տրամադրելի են բոլորին՝ Աստուծոյ կողմէ։ Անոնք կը թուին ըլլալ տկար զէնքեր, սակայն առաւել հզօր են քան որեւէ մարդկային հնարք եւ որեւէ խոչընդոտ։

Ծիրանաւորը անդրադարձաւ Պահակախումբի եւ Ոստիկաններու տարած ապահովական աշխատանքին։ Յիշեցուց թէ պարտականութիւնը կը կատարուի համեստութեամբ եւ խոնարհութեամբ։ Յորդորեց՝ որ անցնելով Սուրբ Դուռէն՝ դուրս պէտք է թողուլ ամէն բացասական եւ չար բան. որովհետեւ անցնիլ Սուրբ Դուռէն՝ հաւատքի, սիրոյ եւ յոյսի արարք մըն է, որ մեր առջեւ կը բանայ կեանքի վերանորոգումը։ Յիշեցուց անոնց՝ թէ ունին կրկին առաքելութիւն. առաջինը՝ զօրացնել անհատական հաւատքը Յարուցեալ Քրիստոսի նկատմամբ, եւ երկրորդ՝ իրենց կարելիութեան սահմաններէն ներս՝ լաւագոյնս կատարել իրենց վստահուած պարտականութիւնները։

Մէջբերելով Պօղոս առաքեալի խօսքերը, Կարդինալը նկատեց, թէ պարտականութիւնը կը կատարուի «ողորմածութեան, բարութեան, խոնարհութեան, համեստութեան եւ համբերութեան զգացումներով, իրարու նեցուկ կանգնելով եւ իրարու ներելով։» Ապա աւելցուց, թէ այսպիսի զգացումներ մարդկային ճիգերով կարելի չէ ձեռք բերել, այլ միայն Տիրոջ յանձնուելով՝ աղօթքի մէջ, եւ ունկնդրելով Անոր ձայնին։

Իր խօսքի աւարտին Կարդինալ Փարոլին իւրաքանչիւրին տուաւ վարդարան մը, ընդգծելով վարդարանի աղօթքի զօրութիւնը եւ Աստուածածնի հզօր բարեխօսութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.