2016-09-09 08:12:00

''Ացիոնէ Քաթթոլիքա'' Իտալական բանուորական շարժումի երիտասարդներու փառատօնը։


(Ռատիօ Վատիկան) ''Խօսքը մեզի'' այս է բնաբանը ''Ացիոնէ Քաթթոլիքա - Իտալական բանուորական շարժումի'' երիտասարդներու փառատօնին որ տեղի պիտի ունենայ Հռոմի մէջ 9 – 11 սեպտեմբեր 2016-ին եւ որուն իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն հազարէ աւելի երիտասարդներ, ժամանած իտալիոյ զանազան քաղաքներէն ինչպէս նաեւ Ալպանիայէն, Ռոմանիայէն, Սպանիայէն, Արժանթինէն, Մալթայէն ու Սուրբ երկրէն։

Երեկ օր տեւող յայտագիրը կը նախատեսէ զանազան հանդիպումներ որոնց շարքին արժանի է նշել երիտասարդներու ու պատանիներու հանդիպումը Իտալիոյ Եպիսկոպոսական համահաւաք դասի քարտուղար` գերապայծառ Նունցիօ Կալանթինոյի հետ, շաբաթ 10 սեպտեմբերի յետմիջօրէին, Վատիկանի Պօղոս Զ անուան սրահին մէջ, որուն իր մասնակցութիւնը կը բերէ նաեւ Հռոմի քաղաքապետ` Տիկ Վիրճինիա Ռաճճի, մինչ առաւօտեան, երիտասարդները կը մասնակցին Ֆրանչիսկոս Պապին Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ շնորհած Յոբելենական Ունկնդրութեան։

Այս առթիւ հրապարակուած մէկ հաղորդագրութեան մէջ Ացիոնէ Քաթթոլիա շարժումը կը տեղեկացնէ թէ վերջին տարիներուն իրենց ծրագիրներու նպատակակէտը եղած է  միշտ աւելիով կեդրոնական տեղ տալ պատանիներուն ու տարեցները մղել խորհրդածութեան մը` որպէսզի աւելիով խորացնեն ու հասկնան իսկական երազները որոնք թաքնուած են իրենց սրտերուն խորքը ու միեւնոյն ատեն ընդառաջելով Եկեղեցւոյ ու Քահանայապետի հրաւէրին խորացնել ''Աւետարանի Ուրախութիւնը'' անդորրագիրի ուսուցումն ու ապրումը, պատանիներուն առաջարկելով իրենց ատակ ուղեւորութիւն։








All the contents on this site are copyrighted ©.