2016-09-08 12:13:00

Ֆրանչիսկոս Պապին ճարը ''Ամերիկան երկխօսութեան մէջ'' համագումրի մասնակիցներուն։


(Ռատիօ Վատիկան) Հինգշաբթի 8 սեպտեմբեր 2016-ի առաւօտեան Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Քոնչիսթորօ սրահին մէջ ունկնդրութիւն շնորհեց Ամերիկեան Պետութիւններու Կազմակերպութեան եւ Պուէնոս  Այրէսի Միջ-կրօնական Երկխօսութեան Հիմնարկի կողմէ կազմակերպուած «Ամերիկան երկխօսութեան մէջ. Մեր հասարակաց տունը»  բնաբանով գիտաժողովի 200 մասնակիցներուն ու այս առթիւ անոնց ուղղած իր ճարին մէջ  ողջունելով ներկաները, Սրբազան Հայրը շնորհակալութիւն յայտնեց անոնց ու գնահատեց անոնց իրագործած ձեռնարկն ու կազմակերպած առաջին հանդիպումը որ կեդրոնացած է հասարակաց տան հայող ''Գովեալ ըլլաս'' շրջաբերականին վրայ։

''Այստեղ կ՛ուզեմ ձեր ուշադրութիւնը հրաւիրել ընդհանրական ու հասարակաց տան` սիրոյ, յարգանքի ու պահպանումի կարեւորութեան վրայ'' ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը հաստատելով թէ համայն արարչագործութիւնը նուէր մըն է ու թէ այդ նուէրը պէտք է պահպանել ու թէ այս ուղղութեամբ կրօնները կարեւոր դեր մը ունին խաղալիք նպաստելու համար կենսոլորտի պահպանումին։

Աստուծոյ մէջ հաւատքը մեզ կը մղէ ճանչնալու անոր ստեղծագործութիւնը որ է մեզի համար անոր սիրոյն պտուղը եւ որ մեզ կը կոչէ հոգ տանելու ու պաշտպանելու բնութիւնը։ Ասոր համար անհրաժեշտ է որ կրօնները` բոլոր մակարդակներու վրայ խթանեն իսկական կրթութիւն մը, տարածելու համար պատասխանատու եւ ուշադիր պահանջներու հոգատար վերաբերմունք, մեր աշխարհի ու մարդու իրաւունքներու նկատմամբ։

''Մեր կրօնական աւանդութիւնները ներշնչումի անհրաժեշտ  աղբիւրներ են խթանելու նաեւ հանդիպումի մշակոյթը'' ըսաւ ապա Սրբազան Քահանայապետը ընդգծելով յարգալից երկխօսութեան կարեւորութիւնը փոխադարձ յարգանքի միջոցաւ­, առանց որուն կարելի չէ միջ կրօնական երկխօսութիւնը։ Երկխօսութիւն մը որ հիմնուած ըլլալու է ինքնութեան ու փոխադարձ վստահութեան վրայ, երբ ես միւսին մէջ կը ճանչնամ ու կ՛ընդունիմ  անձը որպէս Աստուծոյ պարգեւ։

Այս երկխօսութեան ճանապարհի մէջ մենք ականատես ենք Աստուծոյ բարութեան որ մեզի կեանք պարգեւեց։ Կեանք որ սուրբ է ու պէտք է յարգուի։ Հաւատացեալները արդարեւ պահապանններն են արարչութեան ու կեանքի, մարդ ու կինը կանչուած են պաշտպանելու կեանքը իր բոլոր հանգրուաններու ընթացքին ու յարգելու նաեւ հիմնական ազատութիւնները ինչպիսի են խղճի, մտքի, խօսքի ու կրօնի ազատութիւնը, հաստատեց Ֆրանչիսկոս Պապ նկատել տալով թէ ''աշխարհի ուշադրութիւնը մեր վրայ սեւեռած է, տեսնելու թէ ի՞նչ վերաբերմունք ունինք մենք` հաւատացեալներս, հասարակաց տան ու մարդու  իրաւունքներու նկատմամբ, ու այս մէկը մեզ կը մղէ համագործակցելու որեւէ կրօնի պատկան բոլոր բարի կամք ունեցող մարդոց հետ միասին,  արդիւնաւէտ պատասխաններ տալու համար մեր աշխարհը յուզող բազմաթիւ հարցերուն, ինչպիսի են պատերազմն ու սովը, թշուառութիւնը որ կ՛անհանգստացնէ միլիոնաւոր  մարդիկ, բնապահպանական ճգնաժամը, բռնութիւնը, կաշառակերութիւնն ու բարոյական անկումը, ընտանիքի ապրած դժուարութիւնները ու յատկապէս յոյսի պակասը։  Այսօր աշխարհը կը տառապի ու կարիք ունի մեր օգնութեան­, շեշտեց Սրբազան Քահանայապետը ընդգծելով թէ ''յաճախ կը նշմարենք որ վայրագութիւնները կը կատարուին կրօնի անունը օգտագործելով''։ Այս մէկը պէտք է համատեղ  դատապարտուի  ու այս ուղղութեամբ կատարուի միասնական աշխատանք` հեռու մնալու  անոնցմէ  որոնք կ՛ուզեն խռովել մեր հոգիները եւ կը ջանան կործանել ու բաժանում ստեղծել համակեցութեան մէջ։

Բաւարար է ցոյց տալ մեր կրօնական աւանդութիւնները բնորոշող դրական արժէքները ուժեղ յոյսի նշոյլներ ստեղծելու համար եւ ասոր համար է որ ձեր իրագործած հանդիպումի նման հանդիպումները կարեւոր են, ըսաւ Նորին Սրբութիւնը, հրաւիրելով ներկաները բաժնեկցիլ իրարու ցաւն ու յոյսերը, քալել միասին, ու խնամք տանիլ մէկը միւսին ու հասարակաց շահին։ 

Որքան լաւ կ՛ըլլար աշխարհը թողուլ աւելի լաւ քան թէ ինչպէս մենք գտանք զայն, իղձ յայտնեց Սրբազան Պապը մատնանշելով թէ վերոնշեալ հանդիպումը տեղի կ՛ունենայ ողորմութեան յոբելեանի ծիրէն ներս ու ընդգծեց թէ ողորմութիւնը ունի համամարդկային արժէք որ կը ներառէ ըլլայ հաւատացեալները, ըլլայ ոչ հաւատացեալները, որովհետեւ Աստուծոյ ողորմութիւնը անսահման է։

Սրբազան Քահանայապետը խօսքը եզրափակեց հրաւէր ուղղելով ստեղծել երկխօսութեան հնարաւորութիւններ  հասնելու համար տառապող եղբօր ինչպէս նաեւ միասին պայքարիլ յանուն հասարակաց տան, տուն մը որտեղ իւրաքանչիւրը ունի իր իւրայատուկ տեղը եւ ոչ մէկը բացառուած ու անտեսուած ըլլայ։

''Կը հրաւիրեմ ձեզ աշխատելու ու նպաստելու միասնական նախաձեռնութիւններու որպէսզի միասին կարենանք կառուցել շատ աւելի մարդկային աշխարհ մը'' յորդորեց Ֆրանչիսկոս Պապ իր խօսքին աւարտին։








All the contents on this site are copyrighted ©.