2016-09-08 12:24:00

Ֆրանչիսկոս Պապին գործունէութիւնը. Պենետիկտեան Աբբաներու հետ հանդիպում


(Ռատիօ Վատիկան) Հինգշաբթի 8 սեպտեմբեր 2016-ի առաւօտեան ժամը 10-ին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Ավստրալիայի Նորանշանակ դեսպան` Տիկ Մելիսսա Լուիզ Հիթչման, հաւատարմագրերու ներկայացումի առիթով, ապա ընդունեց Տնտեսութեան Քարտուղարութեան կառավարիչը` Կարդինալ Ժորժ Փել, հուսկ Սուրբ Աթոռի ՖԱՕ-ի մօտ մնայուն առաքելութեան գրասենեակի գլխաւոր պատգամաւոր` Տիար Վինչենցօ Պոնոմօ, որմէ ետք Սրբազան Քահանայապետը Քոնչիսթորօ սրահին մէջ ունկնդրութիւն շնորհեց Ամերիկեան Պետութիւններու Կազմակերպութեան եւ Պուէնոս  Այրէսի Միջկրօնական Երկխօսութեան Հիմնարկի կողմէ կազմակերպուած «Ամերիկան երկխօսութեան մէջ. Մեր հասարակաց տունը»  բնաբանով գիտաժողովի 200 մասնակիցներուն։ Իսկ կէսօրին Քլեմենթինա սրահին մէջ ընդունեց Պենետիկտեան Միաբանութեան Աբբաներու համագումարի մասնակիցները ու այս առթիւ անոնց արտասանած իր խօսքին մէջ Սրբազան Պապը յիշեցուց, թէ Յիսուս Քրիստոս մեզ կը հրաւիրէ ըլլալ “ողորմած՝ ինչպէս Հայրը” (Ղուկ Զ. 36)։ Կրօնաւորները կոչուած են ըլլալու Աստուծոյ ողորմածութեան վկաները։ Ողորմածութեան պահանջքը այսօրուան աշխարհի մէջ միշտ կ՛աւելնայ, ուր Աստուծոյ ողորմածութեան վկան ըլլալ՝ քրիստոնէական կեանքի սիրտն է։ Կրօնաւորներու եւ կրօնաւորուհիներու կոչումն է՝ պահպանել իրենց յանձնուած պարգեւը եւ պատասխանատուութիւնը, այսինքն՝ կենդանի պահել հոգւոյն ովասիսները, ուր հովիւներ եւ հաւատացեալներ կարենան ըմպել աստուածային ողորմութեան աղբիւրէն։

Անդրադառնալով Պենետիկտեան կրօնաւորներու կենցաղին, Ֆրանչիսկոս Պապ ըսաւ “Երբ Աստուծոյ շնորհքով, ձեր հասարակութիւններուն մէջ կը փորձէք ապրիլ ողորմածութիւնը, դուք կը պատգամէք աւետարանի եղբայրական հոգին՝ ձեր բոլոր վանքերուն մէջ, որոնք տարածուած են երկրագունդի բոլոր անկիւնները։ Այդ կը կատարէք ա´յն ժրաջան եւ պերճախօս լռութեամբ, որ թոյլ կու տայ՝ որ Աստուած խօսի՝ խլացուցիչ կեանքի եւ մտացիր աշխարհի մը մէջ։” Ապա Սրբազան Հայրը անդրադարձաւ Պենետիկտեան միաբանութիւնը յատկանշող լռակեաց կեանքին, վանքերու փակարաններուն, ֆիզիկական աշխատանքին, հիւրասիրութեան, երիտասարդներու դաստիարակութեան, եւ աղօթքով ու խոկումով կատարուած առօրեային։

Ֆրանչիսկոս Քահանայապետ իր խօսքը աւարտեց ըսելով՝ “Մի´ վհատիք եթէ վանական հասարակութիւններու անդամներու թիւը կը նուազի եւ կամ տարիքը կը մեծնայ. ընդհակառակը, պահեցէ´ք ձեր վկայութեան նուիրումը, նաեւ այն երկիրներուն մէջ, ուր ամենէն դժուարին պարագաները կը տիրեն՝ հաւատարիմ մնալով ձեր շնորհապարգեւին, եւ քաջաբար հիմնելով նոր հասարակութիւններ։ Ձեր ծառայութիւնը, զոր կը մատուցանէք Եկեղեցւոյ, շատ թանկարժէք է։ Նաեւ մե´ր ժամանակներուն կարիքը կայ այր մարդոց եւ կիներու, որոնք ոչ մէկ բան գերադաս կը նկատեն Քրիստոսի սէրէն, ինչպէս կ’ըսէ Սուրբ Բենեդիկտոս իր կանոններուն մէջ. կարիքը կայ այր մարդոց եւ կիներու, որոնք ամէն օր կը սնանին Աստուծոյ Խօսքով, որոնք արժանավայել կերպով կը մատուցանեն Սուրբ Պատարագը, որոնք ուրախութեամբ, ժրաջան կերպով եւ արարչութեան հետ ներդաշնակութեամբ կ՛աշխատին։”








All the contents on this site are copyrighted ©.