2016-09-08 13:00:00

Ֆրանչիսկոս Պապ. Խաղաղութեան համար Աստուծմէ հայցենք իմաստութիւն։


(Ռատիօ Վատիկան) ''Աստուծմէ խնդրել ''իմաստութիւն'' ամենօրեայ գործերուն մէջ խաղաղութիւն տարածելու համար որովհետեւ առօրեայ փոքրիկ գործերէն է որ կը ծնի համաշխարհային գետնի վրայ խաղաղութիւնը'' այս եղաւ Ֆրանչսիկոս Սրբազան Քահանայապետին, ամառնային դադարէն ետք այսօր սկիզբ առած­ Տոմուս Սանթա Մարթայի մատրան մէջ մատուցած Սուրբ պատարագի քարոզին կեդրոնական նիւթը։   

Խաղաղութիւնը Աստուծոյ պարգեւ մըն է որ կը ծնի փոքրիկ գործերէն։ Սրտի մը մէջ։ Երազի մը մէջ, այնպէս ինչպէս պատահեցաւ Սուրբ Յովսէփին երբ հրեշտակը անոր թելադրեց չվախնալ իր մօտ առնելու Մարիամը որովհետեւ ան աշխարհի պիտի նուիրէր Մանուելը` ''Աստուած մեր հետը''։ Ու այս ''Աստուած մեր հետը'' խաղաղութիւնն է, ըսաւ Նորին Սրբութիւնը վերահաստատելով թէ խաղաղութիւնը կը կառուցի ու կը զարգանայ ամենօրեայ աշխատանքով ու թէ հարկաւոր է գործել այդ ուղղութեամբ ու թէ մեր առօրեայ ձգտումն ու գործը ըլլալու է` խաղաղութեան հաստատումը։

Խաղաղութիւնը արդարեւ չի կատարուիր միջազգային հանդիպումներու հրապարակագիրերու միջոցաւ։ Դուն կարող ես սքանչելի բառեր օգտագործել, բարձրորակ գիտաժողովներ կազմակերպել սակայն երբ քու փոքրիկ սրտիդ մէջ խաղաղութիւն չկայ, քու ընտանիքիդ մէջ խաղաղութիւն չկայ, քու թաղամասիդ մէջ խաղաղութիւն չկայ, քու աշխատանքի վայրիդ մէջ խաղաղութիւն չկայ, խաղաղութիւն չի կրնար ըլլալ ոչ իսկ աշխարհի մէջ։

Ասոր համար հարկաւոր է Աստուծմէ հայցել իմաստութեան շնորհքը, խաղաղութիւն կերտելու համար ամենօրեայ գործերուն մէջ ձգտելով համայն մարդկութեան հորիզոնին ըսաւ Նորին Սրբութիւնը ու հարցումներ ուղղեց ''Ինչպի՞սի վիճակի մէջ կը գտնուի սիրտս այսօր։ Խաղաղութեան մէջ է։ Եթէ խաղաղութեան մէջ չէ խաղաղութեան մասին խօսելէ առաջ, քու սրտիդ մէջ հաստատէ խաղաղութիւնը։ Ինչպէ՞ս է ընտանիքդ այսօր, Խաղաղութեան մէջ է. Եթէ դուն կարող չես ընտանիքիդ մէջ խաղաղութիւն հաստատել բառերը բաւարար չեն աշխարհի համար,ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ ու հրաւիրեց դարձեալ հարցադրել թէ ''Ի՞նչ վիճակի մէջ կը գտնուի մեր սիրտը'' որպէսզի հասնինք աշխարհի խաղաղութեան։








All the contents on this site are copyrighted ©.