2016-09-08 15:06:00

Կարդինալ Փարոլինի հեռագիրը ՊՈԶԷ-ի միջազգային էքումենիք համագումարին


(Ռատիօ Վատիկան) 7 - 10 սեպտեմբեր 2016-ին, Իտալիոյ Պոզէ Քաղաքին մէջ, նախաձեռնութեամբ Պոզէի հասարակութեան, տեղի կ՛ունենայ Օրթոտոքս Հոգեւորականութեան միջազգային էքումենիք 24-րդ համագումարը որուն այս տարուայ բնաբանն է ''Մարտիրոսութիւն եւ հաղորդութիւն''։

Այս առթիւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Պոզէի աբբահայր` Եղբայր Էնցօ Պիանքիին ուղղած է Կարդինալ Փարոլինի ստորագրութիւնը կրող հեռագիր մը, որուն մէջ իր բարի մաղթանքները ուղղած է բոլոր եկեղեցիներու ներկայացուցիչներուն, յոյս յայտնելով որ այդ ուսումնասիրութեան ու խորհրդածութեան օրերը ըլլան պտղաբեր առիթ` եղբայրական հանդիպումի ու անկեղծ բաժնեկցութեան, Աստուծոյ խօսքին միասնական ունկնդրութեան միջոցաւ ու Օրթոտոքս Եկեղեցիներու հոգեւոր աւանդութիւններու խորացումով։

Քահանայապետը ապա մաղթած է որ մարտիրոսութեան մասին խորհրդածութիւնը, որպէս աւետարանական արժէքաւոր ժառանգութիւն, որ միեւնոյնն է բոլոր եկեղեցիներու համար, մեզ տրամադրելի դարձնէ արեան համամիութիւնը նկատել առանձնաշնորհեալ ճանապարհ որ կ՛ամրապնդէ դէպի միութիւն տանող ընթացքը։  

Հեռագիրին մէջ Սրբազան Քահանայապետը ս. Հոգւոյն բարեխօսութիւնը հայցելէ ետք ժողովականներէն կը խնդրէ որ աղօթեն իրեն Եկեղեցւոյ ի սպաս ծառայութեան համար ու բոլորին կու տայ իր առաքելական օրհնութիւնը անոնց վրայ հայցելով Տիրոջ ողորմութիւնն ու խաղաղութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.