2016-09-08 08:03:00

''Կարդալ անցեալը, գրել ապագան'' գրագիտութեան միջազգային օրուայ 50-րդ տարեդարձը։


(Ռատիօ Վատիկան) Սեպտեմբերի 8-ին կը նշուի Գրագիտութեան միջազգային օրը որ այս տարի կը նշէ իր 50-րդ ամեակը։ Օրը հաստատուած է  Եունեսքո-ի կողմէ, 1966 թուականին, անգրագիտութեան վերացման վերաբերեալ Թեհրանի մէջ 1965-ի սեպտեմբերին տեղի ունեցած  կրթութեան նախարարներու  համաշխարհային խորհրդաժողովի առաջարկով։

2016-ի գրագիտութեան օրուայ բնաբանն է''կարդալ անցեալը, գրել ապագան''։

Այս առթիւ Ունեսքոյի կեդրոնատեղիին մէջ կազմակերպուած է միջազգային մէկ ձեռնարկ մինչ Ունեսքոյի տնօրէն` Տիկ Իրինա Պոքովա, գրագիտութեան մրցանակներ պիտի բաշխէ զանազան երկիրներու մէջ գրագիտութեան ի սպաս իրականացուած ծրագիրներու դերակատարներուն, որոնց շարքին նշենք Հնդկաստանը, Սենեկալը, Հարաւային Ափրիկէն, Թայլատիան եւ Վիեթնամը։








All the contents on this site are copyrighted ©.