2016-09-08 10:04:00

Եւրոպայի Եպիսկոպոսներու յանձնախումբի հրաւէրը. ''Հետապնդել հասարակաց բարիքը''։


(Ռատիօ Վատիկան) «TTIPի (Անդրատլանտեան Առեւտուրի եւ Ներդրումի Ընկերակցութեան) բանակցութիւնը կանգնեցնելը, չի լուծեր այժմէական հարցերը։ Միջազգային մակարդակի վրայ հաստատուած տնտեսական արդար կարգ մը՝ կը պահանջէ հասարակաց կանոններ։ TTIPն կարող է օգտակար ըլլալ հասնելու այդպիսի նպատակի մը։» Յայտարարած է Կարդինալ Ռայնհարտ Մարքս, Եւրոպայի Եպիսկոպոսական համահաւաք դասերու յանձնախումբի նախագահը, մեկնաբանելով Եւրոպական Միութեան եւ ԱՄՆի միջեւ յիշեալ Ընկերակցութեան համաձայնագրի բանակցութիւններու առընչուած դժուարութիւնները։

Եւրոպայի Եպիսկոպոսական համահաւաք դասերու յանձնախումբը յատկապէս կը յիշեցնէ Եւրոպայի եւ ԱՄՆի եպիսկոպոսներու կողմէ անցեալ յունիսին առնուած հասարակաց դիրքորոշումը, որ կը հաստատէ քաղաքացիներու մասնակցութեան պահանջքը՝ իբր անհրաժեշտ տարր մը ընկերութեան պաշտպանութեան եւ կայուն զարգացման՝ կարենալ հասնելու համար արդար համաձայնութեան մը, որ ըլլայ ի շահ բոլորին։

''Եւրոպայի մէջ աղքատութեան աճի երեւոյթի դիմաց, անդրազգային հաստատութիւններէն սակաւ տուրք գանձելը եւ կամ զանոնք ընդհանրապէս տուրքէ ազատելը քաղաքացիներուն մէջ տարակոյս ու անհասկացողութիւն կը յառաջացնէ'' Ասոր համար Եւրոպայի Եպիսկոպոսական դասերու յանձնախումբը կը յորդորէ մասնակից կողմերը՝ միասին աշխատելու՝ ելեւմտական իսկական արդարութեան մը հասնելու նպատակով, եւ այդ ծիրէն ներս կը յիշեցնէ Եւրոպայի մէջ արդարութեան եւ խաղաղութեան առընչութեամբ ներկայացուած առաջարկները։








All the contents on this site are copyrighted ©.