2016-09-07 12:28:00

Սուրբ Աթոռի եւ Կեդրոնական Ափրիկէի միջեւ պայմանագրի ստորագրութիւն։


(Ռատիօ Վատիկան) Երեքշաբթի 6 սեպտեմբեր 2016-ին, Պանկիի ''Palais de la Renaissanc'' նախագահական պալատին մէջ ստորագրուեցաւ Սուրբ Աթոռի եւ Կեդրոնական Ափրիկէի հանրապետութեան միջեւ պայմանագիր մը հայող ''միասնական շահերու'' ։ 

21 յօդուածներէ բաղկացող պայմանագիրը կը սահմանէ Եկեղեցի –Պետութիւն յարաբերութեան իրաւական կազմը, կարգաւորելով ընդհանուր ու միասնական շահերու հայող հարցեր։

Պայմանագիրի ստորագրութեամբ երկու կողմերը իրենց յանձնառութիւնը կը յայտնեն համագործակցելու`  մարդ էակի բարոյական, հոգեկան ու ֆիզիկական բարեկեցութեան ի սպաս ինչպէս նաեւ հասարակաց բարիքի զարգացումին ի խնդիր։








All the contents on this site are copyrighted ©.