2016-09-07 09:32:00

Ովկիանոսներու տաքացումը կը սպառնայ արեւադարձային հիւանդութիւններ տարածել։


«Պի.Պի.Սի.» կը հաղորդէ, որ ովկիանոսներու տաքնալուն պատճառով կը տարածուին այնպիսի հիւանդութիւններ, որոնք կրնան սպառնալիք ներկայացնել անասուններու եւ մարդոց համար: 12 երկիրներէ 80 գիտնականներ այս եզրակացութեան եկած են ուսումնասիրութեան մը մէջ, որ կատարուած է Բնութեան պահպանութեան եւ բնական պաշարներու միջազգային միութեան ծիրին մէջ:

Գիտնականներու եզրակացութեան համաձայն, ովկիանոսները 1970-ական թուականներէն ի վեր կլանած են մոլորակի ջերմաստիճանի ընդհանուր աճին 93 առ հարիւրը: Ովկիանոսները դարձած են համաշխարհային ջերմացումին դէմ իւրատեսակ վահան: Սակայն ատիկա ամբողջովին փոխած է ովկիանոսի կեանքի համակարգը:

Այդ հոլովոյթներուն պատճառով, օրինակ, կը փոխուին ձկնորսութեան աւանդական վայրերը, ինչ որ կը սպառնայ աշխարհի պարենային անվտանգութեան: Կը մոլորին նաեւ անասունները, օրինակ, կէտերը կամ թռչունները չեն կրնար կերակուր գտնել աւանդական վայրերու մէջ:

Գիտնականները կը նախազգուշացնեն, որ ատոր հետեւանքներէն մէկն ալ այն է, որ արեւադարձային տարբեր հիւանդութիւնները կը տարածուին նոր շրջաններու մէջ:

Գիտնականները վստահ են, որ նոյնիսկ եթէ մարդկութիւնը կարենայ ձերբազատիլ ջերմոցային կազերու աճէն, համաշխարհային ովկիանոսի փոփոխման հոլովոյթը պիտի շարունակուի:

Գիտնականները իրենց զեկուցումին մէջ ովկիանոսներու ջերմաստիճանի բարձրացումը կ՛անուանեն «մեր սերունդի ամէնէն գլխաւոր գաղտնի մարտահրաւէրը»:








All the contents on this site are copyrighted ©.