2016-09-07 09:50:00

Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդի պատմական հանդիպումը Ամմանի մէջ։


Երեքշաբթի, 6 սեպտեմբեր 2016-ի առաւօտուն, Յորդանանի մայրաքաղաք Ամմանի մէջ կրօնական յատուկ արարողութեամբ սկսաւ Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու խորհուրդի 11-րդ համաժողովը: Արամ Ա. կաթողիկոսի բնորոշումով ներկայ հաւաքը պատմական կարելի է նկատել հետեւեալ պատճառներով` ա) Միջին Արեւելքի պատմութեան տագնապալից այս օրերուն, շրջանի բոլոր եկեղեցիներու բարձրաստիճան եկեղեցական ներկայացուցիչներուն հանդիպումը նշանակալից երեւոյթ մըն է: բ) Առաջին անգամ ըլլալով եկեղեցիներու պատրիարքներ, պատուիրակութիւններու կողքին, իրենց գործօն մասնակցութիւնը կը բերեն յիշեալ համաժողովին: գ) Խորհուրդի պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով մեծ թիւով պատուիրակներ եւ հիւրեր մասնակից կը դառնան համաժողովին:

Համաժողովի առաջին նիստին, որուն նաեւ ներկայ գտնուեցան միջեկեղեցական հիւրեր եւ քաղաքական անձնաւորութիւններ, յաջորդաբար խօսք առին ներկայ պատրիարքները, որոնք կարեւորութեամբ շեշտեցին եկեղեցիներու առաքելութեան եւ վկայութեան նոր մղում տալու հրամայականը` Միջին Արեւելքի ներկայ դժուար պայմաններուն մէջ: Վեհափառ հայրապետը, որ Մերձաւոր Արեւելքի եկեղեցիներու խորհուրդի նախագահներէն մէկն է, համաժողովին կարեւորութիւնը բնորոշեց երեք բառերով` փառաբանութիւն, արժեւորում եւ յանձնառութիւն: Վեհափառ հայրապետը իր պատգամին մէջ ըսաւ, թէ նախ եւ առաջ մենք Աստուծոյ փառք պէտք է տանք, որ հակառակ մեր` Միջին Արեւելքի քրիստոնէութեան դիմագրաւած առկայ տագնապալից պայմաններուն, կրցանք միասին ըլլալ, մեր միասնականութիւնը արտայայտել, ինչպէս նաեւ մեր կատարած ծառայական առաքելութիւնը արժեւորել: Համաժողովը նաեւ առիթ է, ընդգծեց վեհափառ հայրապետը, անցնող տարիներուն խորհուրդին կատարած աշխատանքը լուսարձակի տակ բերելու, անոր իրապաշտ արժեւորումը կատարելու եւ ապագայի գործնական ծրագիրներ մշակելու: Եւ վերջապէս, Արամ Ա. կաթողիկոս յիշեցուց, որ համաժողովը մարտահրաւէր մըն է ուղղուած բոլոր եկեղեցիներուն` վերանորոգելու աստուածատուր առաքելութեան իրենց յանձնառութիւնը:

Բացման նիստէն ետք ժողովը սկսաւ իր աշխատանքներուն, նշանակուեցան ենթայանձնախումբեր` Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան պատուիրակութեան բոլոր անդամները նշանակուեցան յանձնախումբերու անդամներ: Ապա, ժողովը լսեց ընդհանուր քարտուղարին զեկուցումը եւ կատարեց քննարկումներ:








All the contents on this site are copyrighted ©.