2016-09-07 08:25:00

Հայաստան այցելած զբօսաշրջիկներուն թիւը աճած է շուրջ 3%-ով


Այս տարուան առաջին կիսուն Հայաստան ժամանած է շուրջ կէս միլիոն զբօսաշրջիկ: Համաձայն պաշտօնական վիճակագրութեան, այս տարուան Յունուար-Յունիսին, նախորդ տարուան նոյն ժամանակահատուածին համեմատ, մեր երկիր այցելած զբօսաշրջիկներուն թիւը աճած է մօտ 3%-ով եւ կազմած 501 հազար մարդ:

Հայաստան այցելող զբօսաշրջիկներուն մեծ մասը ԱՊՀ երկիրներէ են: ԱՊՀ-ին բաժին հասած է Հայստան ժամանած զբօսաշրջիկներու ընդհանուր թիւին 26, միայն Ռուսիոյ` շուրջ 22%-ը: Համեմատաբար մեծ է նաեւ Եւրոմիութեան երկիրներէն, մասնաւորապէս` Ֆրանսայէն եւ Գերմանիայէն Հայաստան ժամանողներուն թիւը:

Վիճակագիրը կը փաստէ, որ այս տարի շուրջ 50%-ով աճած է Իրանէն Հայաստան այցելող զբօսաշրջիկներուն թիւը:








All the contents on this site are copyrighted ©.