2016-09-07 12:34:00

Հայ եկեղեցին եւ հայ երիտասարդը դէմ առ դէմ Պէտք է «Աղօթել» միշտ…


Կրօններու ոգին աղօթքն է: Ամէնէն արագ կապը կրօնական զգացումները արտայայտելու աղօթքն է: Կապի հասկացողութիւնը երկիմաստ է այստեղ: Նախ Աստուծոյ հետ կապի ամէնէն արագ միջոցն է ասիկա, ինչպէս նաեւ հաւատացեալներու միջեւ՝ մէկուն հոգիէն միւսին հոգին կապ հաստատելու հեշտագոյն միջոցն է աղօթքը: Յիսուսի պատուէրներուն կարեւորներէն մէկն ալ աղօթքի մասին էր: Քրիստոնեայ մարդուն եւ առհասարակ համայն աշխարհի համար անզուգական կտակ է Յիսուսի սորվեցուցած աղօթքը, որ հետագային կոչուեցաւ Տէրունական Աղօթք, կամ ժողովրդային անունով՝ «Հայր Մեր» (Հմմտ Մտ 6.9-13):
Մի՛շտ աղօթելու պատուէր  տուաւ Յիսուս իր աշակերտներուն եւ անոնց միջոցաւ նաեւ Իր բոլոր հետեւորդներուն: Մնայուն աղօթքին ազդեցութիւնը բարձր գնահատեց Ան, պայման դնելով անձանձրո՛յթ աղօթքը, որ հետզհետէ կը վերածուի սովորութեան: Ի դէպ, աղօթքը սովորութեան վերածելը, անկեղծաւոր առաքինութիւններով զարդարուած մարդոց վարժութիւնն է: «Անկեղծաւոր» բառը այստեղ շեշտեցինք, որպէսզի իսկական աղօթողը զատորոշենք ձեւականութիւններու պատմուճանին տակ թաքնուած կեղծաւորներէն, որոնց տեսականին նոյնիսկ ծովու ձուկերու տեսականիէն աւելի եղած է ներկայ ժամանակներուն…

«Ամէն-Ամէն», «Ալէլուիա-Ալէլուիա» բացագանչողները անպայման խոր հաւատացեալներ չեն, ո՛չ ալ հաւատքի զօրութենէ մղուած նման արտայայտութիւններ կ՛ունենան: Անոնց հաւատքը մարդոց հաճելի ըլլալու անիմաստ ճիգ է, մինչ իր Աստուծոյն աղօթողը, ու Անոր զօրութեան ապաւինողը, իր սենեակին մէջ փակուելով ու առանց աւելորդապաշտ ձեւակերպութիւններու ալ կրնայ իր ձայնը լսելի դարձնել Ամենատեսին:
Այո՛, աղօթելը կրնայ մնայուն ու անձանձրոյթ սովորութեան վերածուիլ, երբ մարդոց շրթներուն վրայ ըլլայ միշտ, փոխանակ հայհոյանքներու: Խորհրդատու ծերունիս սովորութեան վերածած էր նոյնիսկ իր բարկացայտ պահերուն անընդհատ կրկնել «Տէր ողորմեա՛, Տէր ողորմեա՛, Տէր ողորմեա՛» յանկերգը:
Աղօթքի զօրութեան չհաւատացող մարդը, ընդհանրապէս Աստուծոյ գոյութեան ալ չի հաւատար, որովհետեւ միայն Անոր գոյութեան հաւատացողը կրնայ ջերմեռանդ աղօթող ըլլալ, ի՛ր եւ ուրիշներուն համար:
Կրնանք ըսել որ, աղօթքը լաւագոյն դեղագիրն է։

Կը պատմուի, թէ մէկը երկար ատեն չէ՛ աղօթած, ու յետոյ երբ ուզեր է աղօթել, խաչակնքած պահուն յանկարծ անուշադրութեան բերումով մատը աչքին մտցուցեր է…
Այս կէս կատակ խօսքին մէջ ալ անշուշտ բարոյագիտական կարեւոր դաս կայ: Սովորութենական դարձած ուսանելի աղօթքը, վտանգի պահուն խաչակնքելու բարի վարժութիւնը, քրիստոնէական հաւատքի բարացուցական երեւոյթներ են մեր վրայ երեւցող:
Այնպէս, ինչպէս կերակուրդ ճաշակած պահուն չե՛ս շփոթիր ու վերցուցած պատառդ ականջիդ ուղղութեամբ չե՛ս տանիր, նոյնպէս ալ կեանքիդ բոլոր պարագաներուն մէջ ու տարբեր կացութիւններու դիմաց պէտք չէ՛ մոռնաս գործադրելիք երկու կարեւոր պարտականութիւններդ.
ա. Միշտ աղօթել.
բ. Հարկ եղած պարագային խաչակնքել:
Աղօթքին անմիջականութիւնը կը զգայ նաեւ ան, որ Աստուծոյ ներկայութիւնը կը զգայ միշտ իր կողքին: Պահապան հրեշտակներու մեր կողքին մնայուն ներկայութեան մասին ժխտողներու շատ քիչ կը հանդիպինք: Ամէն մարդ ալ կը գիտակցի, թէ մէկ օրուան ընթացքին ինչքա՜ն փորձանքներէ կ՛ազատուի ու փորձութիւններէ կը փրկուի: Եթէ միայն մեր սեփական կարողութեան ու իմաստութեան վստահէինք, անպայման տուժածներու թիւը մեծ պիտի ըլլար այսօր մարդկութեան շարքերուն մէջ: Սակայն, Աստուծոյ ներկայութիւնը իր պահապան հրեշտակներու միջոցաւ մեր մօտ, շատ մը դժուարութիւններու առաջքը կ՛առնէ: Երբեմն որոշումներ առնելու երկմտանքի մէջ մեր ներսիդին ծագող լո՛յսն է Աստուած, որ Իր երկնային իմաստութեամբ կ՛առաջնորդէ մեր քայլերը: Ուստի, ի՞նչ վնաս, եթէ աղօթքի վարժութիւնը զօրացնենք մեր սովորութենական կեանքին մէջ, առաւել եւս ապահովելու Անոր ներկայութիւնը մեր կողքին:








All the contents on this site are copyrighted ©.