2016-09-06 13:19:00

Ֆրանչիսկոս Պապին Սեպտեմբեր – Նոյեմբեր ամիսներու արարողութիւններու յայտագիրը։


(Ռատիօ Վատիկան) Քահանայապետական ծիսական արարողութիւններու արարողապետ գերապայծառ Կուիտօ Մարինի հրապարակած է Ֆրանչիսկոս Պապին Սեպտեմբեր – Նոյեմբեր ամիսներու ընթացքին գլխաւորելիք ծիսական արարողութիւններու յայտագիրը, սկսեալ յառաջիկայ 25 սեպտեմբերէն Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ կայանալիք սուրբ պատարագէն` Կրօնուսոյցներու Ողորմութեան յոբելեանի նշման առիթով, որուն ապա 30 սեպտեմբերէն մինչեւ 2 հոկտեմբեր կը յաջորդէ Ֆրանչիսկոս Պապին դէպի Վրաստան ու Ատրպէյճան առաքելական ճամբորդութիւնը։

Հոկտեմբեր ամսուայ ընթացքին նախատեսուած արարողութիւններու շարքին`Սրբազան Քահանայապետը Շաբաթ 8 հոկտեմբերի երեկոյեան 5,30-ին, Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ կը գլխաւորէ Մարեմեան հսկումի աղօթքը ապա յաջորդ օրը` Կիրակի 9 Հոկտեմբերի առաւօտեան 10,30-ին  Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ կը հանդիսապետէ Մարեմեան Յոբելեանի Սուրբ պատարագին։ 16 Հոկտեմբերին, միշտ Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ, նախատեսուած է եօթը Երանելիներու Սրբադասման արարողութիւնը, իսկ 31 հոկտեմբերէն - մէկ նոյեմբեր Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը առաքելական  ճամբորդութեամբ կը մեկնի  Շուէտ, Լուտերական վերանորոգումի 500-րդ տարեդարձին առիթով։ 

Ուրբաթ 4 նոյեմբերի առաւօտեան 11,30-ին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Վատիկանի Սուրբ Պետրոսի Մայր տաճարին մէջ հոգեհանգստեան պատարագ կը մատուցէ բոլոր այն կարդինալներուն ու եպիսկոպոսներուն հոգւոյն հանգստեան դիտաւորութեան, որոնք տարուայ ընթացքին  իրենց մահկանացուն կնքեցին։ Ապա կիրակի 6 նոյեմբերին  կը գլխաւորէ բանտարկեալներու Յոբելեանի ու կիրակի 13 նոյեմբերին թափառականներու յոբելեանի Սուրբ Պատարագները։

Կիրակի 20 նոյեմբեր 2016-ին, Յիսուս Քրիստոս Թագաւոր Տիեզերքի տօնին օրը, առաւօտեան ժամը 10-ին Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ մատուցած հանդիսաւոր Սուրբ Պատարագի արարողութեամբ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը փակումը կը կատարէ Ողորմութեան Յոբելենական սուրբ տարուան։








All the contents on this site are copyrighted ©.