2016-09-06 13:39:00

Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Մանուկ Յիսուս մանկաբուժարանի Վարչական Խորհուրդի նախագահը։


(Ռատիօ Վատիկան) Երեքշաբթի 6 սեպտեմբեր 2016-ի առաւօտեան Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Տոմուս Սանթա Մարթայի բնակավայրին մէջ ընդունեց Տիկ Մարիելլա Էնոքը` Մանուկ Յիսուս մանկաբուժարանի վարչական խորհուրդի նախագահը, որ Նորին Սրբութեան ներկայացուց Վատիկանեան մանկաբուժարանի հայող վերջին տեղեկութիւնները ու ձեռնարկուած ծրագիրները` յատկապէս հայող Ափրիկեան ցամաքամասին։ Տիկ Էնոք Վատիկանի Ձայնասփիւռի հետ այս առթիւ ունեցած մէկ զրոյցի մը ընթացքին յայտնեց թէ Սրբազան Քահանայապետը խոստացած է Ափրիկեան ծրագիրին յատկացնել դրամական մէկ օգնութիւն։

 

Նշենք նաեւ թէ միշտ այսօր առաւօտեան Ֆրանչիսկոս Պապը դուրս գալով իր Վատիկանի բնակավայրէն հանդիպեցաւ Տոմուս Սանթա Մարթայի հրապարակին վրայ համախմբուած` Միլանոյէն հեծանիւով դէպի Հռոմ ուխտագնացութիւն կատարած խումբ մը երիտասարդներուն ու անոնց ընկերացող Քահանաներուն, օրհնելով զանոնք, անոնց հեծանիւներն ու ուխտագնացութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.