2016-09-06 11:25:00

Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու խորհուրդի համաժողովը Ամմանի մէջ։


(Ռատիօ Վատիկան) Երեքշաբթի 6 Սեպտեմբեր 2016-ին­, Յորդանանի մայրաքաղաք Ամմանի մէջ բացումը կատարուեցաւ Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդի ԺԱ համաժողովին։

Վեց տարին անգամ մը գումարուող վերոնշեալ համաժողովին կը մասնակցին Միջին Արեւելքի բոլոր եկեղեցիները. այս անգամ բացառաբար ներկայ կը գտնուին նաեւ բոլոր պատրիարքները եւ հոգեւոր պետերը որոնց շարքին  ի մէջ այլոց նշենք Անտիոքի Յոյն Օրթոտոքս պատրիարք Եուհաննա Ժ, Քաղդէացիներու Պատրիարք Լուիս Ռաֆայէլ Սաքօ, Երուսաղէմի Լատիններու վաստակաւոր Պատրիարք Ֆուատ Թուալ, Ասորի Կաթողիկէ եկեղեցւոյ պատրիարք Իգնատիոս Եուսսէֆ Գ, Յոյն Մելքիթներու Պատրիարք` Գրիգոր Գ ու Ղպտի Օրթոտոքս Եկեղեցւոյ Պատրիարք Թաուատրոս Բ, ինչպէս Նաեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Արամ Ա որ է նաեւ Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդի չորս համանախագահներէն մին ու կը ներկայացնէ Արեւելեան Ուղղափառ Ոչ-քաղկեդոնական եկեղեցիներու ընտանիքը։

Արամ Ա Հայրապետը համաժողովին գլխաւոր զեկուցողներէն մին է ու իր ելոյթին մէջ կ՛անդրադառնայ Միջին Արեւելքի ներկայ կացութեան եւ եկեղեցիներու դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն։ Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդի ԺԱ համաժողովի ընթացքին շօշափուած նիւթերու շարքին պիտի խօսուի Իսլամ հասարակութիւններու հետ երկխօսութեան ու համակեցութեան հարցի մասին, ժողովական հայրերը ապա պիտի քննարկեն գաղթականներու օգնութիւններ ապահովելու հարցը ինչպէս նաեւ պիտի որոնեն ձեռնարկներ միջազգային հասարակութեան ու հզօր երկիրներու ուշադրութեան հրաւիրելու միջին արեւելքի տագնապալից իրավիճակը ու այդ իրավիճակի շուտափոյթ լուծման յանգելու հրամայականը։

Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու խորհուրդը հիմնուած է 1974-ին Կիպրոսի մայրաքաղաք Նիքոզիայի մէջ,  մինչ անոր ներկայ կեդրոնական աթոռը կը գտնուի Պէյրութ։ Անոր նպատակն է դիւրեցնել Միջին Արեւելիքի քրիստոնեայ հասարակութիւններու միացումը ու սատարել դաւանական բնոյթ ունեցող հարցերու յաղթահարումին։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.