(Ռատիօ Վատիկան) 7 - 10 սեպտեմբեր 2016-ին, Իտալիոյ Պոզէ Քաղաքին մէջ, նախաձեռնութեամբ Պոզէի հասարակութեան, տեղի կ՛ունենայ Օրթոտոքս Հոգեւորականութեան միջազգային էքումենիք 24-րդ համագումարը որուն այս տարուայ բնաբանն է ''Մարտիրոսութիւն եւ հաղորդութիւն''։
Համագումարի բացումը կը կատարեն Պոզէ-ի հասարակութեան Մեծաւոր` Եղբայր Էնցօ Պեանքի ու Անտիոքի եւ Համայն Արեւելիք Յոյն օրթոտոքս Պատրիարք` Յովհաննէս Ժ Եազիժի։
Համագումարի եզրափակիչ նիստին նախատեսուած է նաեւ Քրիստոնեաներու Միութեան զարգացումի Քահանայապետական խորհուրդի նախագահ` կարդինալ Քիւրտ Քոխի մասնակցութիւնը։
Նշենք թէ ՊՈԶԷ-ի հասարակութիւնը կրօնական հասարակութիւն մըն է կազմուած զանազան եկեղեցիներու պատկան անդամներէ ու անոր հիմնադրութենէն ի վեր ան կը գործէ ի սպաս Քրիստոնեայ Եկեղեցիներու միջեւ համամիութենական երկխօսութեան։
Հասարակութեան հիմնադիրն է եղբայր Էնցօ Պիանքի։ Հասարակութիւնը հիմնուած է 8 դեկտեմբեր 1965-ին, նոյն օրը երբ փակումը կատարուեցաւ Վատիկանի Տիեզերական Բ ժողովի աշխատանքներուն։
All the contents on this site are copyrighted ©. |