2016-09-06 09:27:00

Մարդու իրաւունքներու յարգանքը Թուրքիոյ մէջ ժողովրդավարութեան վճռորոշ քննութիւնն է։


Եւրոպական խորհրդարանի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբը նշեց, որ Թուրքիոյ մէջ յեղաշրջումի ձախող փորձէն ետք մարդու իրաւունքներու յարգումը կը նկատուի այդ երկրին մէջ ժողովրդավարութեան վճռորոշ քննութիւն մը:

Թուրքիոյ կացութեան քննարկման խորհրդարանական յանձնախումբին հրապարակած հաղորդագրութիւնը կը նշէ, որ յանձնախումբի շարք մը անդամներ համաձայն են, որ Եւրոպական Միութիւնը յեղաշրջումի ձախող փորձէն ետք մօտէն հետեւի Թուրքիոյ մէջ մարդկային իրաւանց եւ օրէնքի գերիշխանութեան կացութիւններուն:

Յանձնախումբի կարգ մը անդամներ զգուշացուցին, որ Թուրքիան իր ներկայ վիճակով «չի կրնար մաս կազմել Եւրոպական Միութեան», իսկ ուրիշներ Ֆեթհուլլա Կիւլենի ղեկավարած շարժումին Թուրքիոյ մէջ յեղաշրջման փորձին մեղսակցութեան վերաբերեալ աւելի յստակ ապացոյցներ պահանջեցին:

Յանձնախումբի բազմաթիւ անդամներ ընդգծեցին, որ Թուրքիոյ քաղաքացիներու Եւրոպական Միութեան երկիրներ առանց մուտքի արտօնագիրի մուտք գործելու դրութեան որդեգրումը կախեալ է մարտին երկու կողմերուն միջեւ գաղթականներու հարցին շուրջ կնքուած համաձայնութեան մէջ նշուած 27 նախապայմաններու գործադրութենէն








All the contents on this site are copyrighted ©.