2016-09-06 09:31:00

Իրերայաջորդ ականահարումներ Սուրիոյ տարբեր շրջաններուն մէջ։


Երկուշաբթի 5 սեպտեմբերի առաւօտեան իրերայաջորդ ականահարումներ տեղի ունեցան Հոմսի, Դամասկոսի գիւղական շրջանին, Թարթուսի եւ Հասաքէի մէջ: Արձանագրուեցան 48 զոհեր եւ բազմաթիւ վիրաւորներ:

Հոմսի Զահրա թաղամասի Պապ Թըտմոր հրապարակին վրայ տեղի ունեցաւ ականուած ինքնաշարժով անձնասպանական գործողութիւն մը: Ըստ կարգ մը տեղեկութեանց, յարձակումը թիրախ դարձուց Զահրա թաղամասի մուտքին գտնուող սուրիական բանակի անցարգելը:

Դամասկոսի գիւղական շրջանին մէջ պայթում մը տեղի ունեցաւ Սապուրա-Պայժահ ճամբուն վրայ:

ՍԱՆԱ լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Թարթուսի գիւղական շրջանի միջազգային մայրուղիին վրայ` Արզունա կամուրջին մօտ «երկու ահաբեկչական պայթումներ» տեղի ունեցած են: Թարթուսի ոստիկանութիւնը հաղորդեց, որ արձանագրուած է 30 զոհ:

Հիւսիսային Սուրիոյ Հասաքէ քաղաքի կեդրոնին հիւսիսը գտնուող Մարշօ հրապարակին մօտ ականի մը պայթումը պատճառեց 5 զոհ եւ 2 վիրաւորներ:

Մինչ ՏԱՀԵՇ իրեն առնչակից «Աղմաք» կայքին ճամբով ստանձնեց Հասաքէի մէջ տեղի ունեցած ականահարման պատասխանատուութիւնը, ապահովական աղբիւր մը նշեց, որ յարձակումը կատարուած է ականուած մոթորսիքլեթով: ՏԱՀԵՇ հետագային ստանձնեց նաեւ մնացեալ ականահարումներուն պատասխանատուութիւնը:

Մարդկային իրաւանց սուրիական դիտարանը իր կարգին հաղորդեց, որ երկուշաբթի առտու սուրիական բանակի վերահսկողութեան տակ գտնուող տարածքին մէջ տեղի ունեցած են չորս ականահարումներ:








All the contents on this site are copyrighted ©.