2016-09-06 09:07:00

7-11 սեպտեմբեր կը նշուի համալսարանականներու յոբելեանը։


(Ռատիօ Վատիկան) ''Գիտութիւն եւ ողորմութիւն։ Համալսարաններու երրորդ առաքելութիւնը''. Այս է բանանը զոր Ողորմութեան յոբելենական տարւոյն ծիրէն ներս ընտրուած է` 7 - 1 սեպտեմբերին նշելու համար համալսարանականներու եւ հետազօտական ու բարձրորակ կազմաւորումի կեդրոններու յոբելեանը, որուն առթիւ Լատերանեան Համալսարանի աւագ դահլիճին մէջ նախատեսուած են զանազան ձեռնարկներ, որոնց իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն  համալսարանականներ ու հետազօտական ու գիտական աշխարհի ներկայացուցիչներ։

Ապա շաբաթ օր` 10 սեպտեմբերին, բոլոր ժողովականները  պիտի մասնակցին  Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ նախատեսուած Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին Յոբելենական Ունկնդրութեան։








All the contents on this site are copyrighted ©.