2016-09-05 14:00:00

Ֆրանչիսկոս Պապին սեպտեմբեր ամսուայ աղօթքի լսատեսողական պատգամը։


(Ռատիօ Վատիկան) Երկուշաբթի 5 սեպտեմբեր 2016-ին հրապարակուեցաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին սեպտեմբեր ամսուայ աղօթքի դիտաւորութեան լսատեսողական պատգամը հայող մարդ անհատի կեդրոնականութեան։

Պատգամին մէջ Սրբազան Քահանայապետը ըսած է.

Մարդկութիւնը կ՛ապրի տագնապալից շրջան մը որ միայն տնտեսական ու ֆինանսական չէ…այլեւ բնատնտեսական,

բարոյական ու մարդկայնական։

Երբ կը խօսուի տագնապի մասին  կը խօսուի վտանգի մասին սակայն նաեւ հնարաւորութիւններու մասին։

Ի՞նչ հնարաւորութիւն. Զօրակցութեան հնարաւորութիւնը։

Եկու՛ր, օգնէ ինծի։

Որպէսզի ամէնքը սատարեն հասարակաց բարիքին ու ընկերութեան մը կառուցումին որ մարդ անհատը ընտրէ որպէս կեդրոն։  








All the contents on this site are copyrighted ©.