2016-09-05 11:46:00

Մենագրութիւն ''Գերմանական Միսիոներական Գործունէութիւնն Օսմանեան Կայսրութիւնում...''


Երեւանի մէջ լոյս տեսած է թրքագէտ, պատմական գիտութիւններու թեկնածու Հայկ Մարտիրոսեանի  «Գերմանական միսիոներական գործունէութիւնն օսմանեան կայսրութիւնում․ Մարաշի կայանը (1896-1919 թթ․)»  մենագրութիւնը, (Երեւան, 2016, 222 էջ ): Այս մասին կը հաղորդէ Akunq.net-ը:

Գիրքը հրատարակուած է «Գիտութեան եւ կրթութեան հայկական ազգային հիմնադրամի (ANSEF)» դրամաշնորհին ծիրէն ներս: ՀՀ ԳԱԱ Արեւելագիտութեան ուսումնարանի գիտական խորհուրդին որոշումով՝ տպագրուած գիրքին մէջ կը ներկայացուի Արեւելքի մէջ քրիստոնէական բարեգործութեան գերմանական օգնութեան միութեան` Մարաշի միսիոներական կայանին պատմութիւնը 1896-1919 թթ:

Կը ներկայացուին միսիոներական աշխատանքներու բոլոր բնագաւառները` որբախնամութիւնը, այրիներու խնամքը, երեխաներու կրթութիւնը, արհեստներու ուսուցանումը, բժշկական-հիւանդախնամ, աղքատախնամ աշխատաքնները, ինչպէս նաեւ աւետարանականութեան քարոզչութեան ուղղուած գործունէութիւնը:

Աշխատանքին երկրորդ մասին մէջ՝ հանրագիտարանային ձեւաչափով՝ կը ներկայացուին Մարաշի մէջ գործունէութիւն ծալած եւ գերազանցապէս անյայտ մնացած 40 աշխատակիցներու կեանքն ու գործունէութիւնը, որոնցմէ շատերը կիլիկիոյ հայութեան կոտորածներուն եւ Հայոց Ցեղասպանութեան ականատեսներ են:

Գերազանցապէս աղբիւրագիտական հենքի վրայ ստեղծուած մենագրութիւնը առաջին անգամ գիտական շրջանառութեան մէջ կը դնէ բազամթիւ արժէքաւոր սկզբնաղբիւրներ:








All the contents on this site are copyrighted ©.