2016-09-05 11:39:00

Մայր Թերեզայի Սրբադասման առթիւ գոհաբանական սուրբ պատարագ։


(Ռատիօ Վատիկան) Երկուշաբթի 5 սեպտեմբեր 2016-ին կը նշուի Քալքութայի Սրբուհի Թերեզայի մահուան 19-րդ տարեդարձը։ Քալքութայի Սրբուհի Թերեզան որուն սրբադասման արարողութիւնը մեծ շուքով տեղի ունեցաւ երէկ` Կիրակի 4 սեպտեմբեր 2016-ին Վատիկանի մէջ, ծնած էր 26 օգոստոս 1910-ին Սքոփիէ-ի մէջ մինչ իր մահկանացուն կնքած է Քալքութայի մէջ` 5 սեպտեմբեր 1997-ին։ Ան եղած է հիմնադիրը Գթութեան Առաքեալներ միաբանութեան որ այսօր կը գործէ աշխարհի զանազան երկիրներուն մէջ իր 592 ''գթութեան'' տուներով, ներառեալ Հայաստանի մէջ։

Մայր Թերեզայի սրբադասման արարողութեան ու անոր մահուան տարեդարձին առթիւ, երկուշաբթի 5 սեպտեմբեր 2016-ի առաւօտեան ժամը 10-ին Սուրբ Աթոռի Պետական Քարտուղար` կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին, Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ գլխաւորեց գոհաբանական Սուրբ պատարագի արարողութիւնը որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին Մայր Թերեզայի Գթութեան Միսիոնարներ միաբանութեան անդամները ու բազմաթիւ հաւատացեալներ։

Մինչ այսօր յետմիջօրէէն սկսեալ ու մինչեւ վաղը 6 սեպտեմբերին, նախատեսուած է Քալքութայի Մայր Թերեզայի մասունքներու մեծարանքը` Լատերանեան Սուրբ Յովհաննէսի անուան մայր տաճարին մէջ­,  առաւօտեան 7-էն մինչեւ երեկոյեան 6-ը, ապա 7 եւ 8 սեպտեմբերին մասունքները կը փոխադրուին Սան Կրէկորիօ Մանիօ Եկեղեցի ուր կը շարունակուին արժանանալ հաւատացեալներու եւ ուխտաւորներու մեծարանքին, առաւօտեան 9-էն մինչեւ երեկոյեան 6-ը։

Գոհաբանական պատարագի ընթացքին արտասանած իր քարոզին մէջ Կարդինալ Փարոլին ի մէջ այլոց ըսաւ։

“Որքա´ն պատճառներ ունինք խորապէս երախտագէտ ըլլալու Տիրոջ։ Գոհութիւն կը յայտնենք սուրբերու հերոսական վկայութեան համար, որոնց միջոցաւ Աստուած Իր Եկեղեցին միշտ բեղուն կը պահէ եւ մեզի՝ Իր զաւակներուն, սիրոյ ապահով ապացոյց մը կու տայ։ Այսօր յատկապէս շնորհակալութիւն կը յայտնենք՝ որ մեզի շնորհեց Սրբուհի Մայր Թերեզան։ Սրբուհին, իր անդադրուն աղօթքով, որ աղբիւրն էր մարմնաւոր եւ հոգեւոր ողորմութեան հսկայ գործերու, յստակ հայելի մը եղաւ Աստուծոյ սիրոյն եւ հիանալի օրինակ՝ ընկերոջ մատուցուած ծառայութեան։ Մայր Թերեզա կը սիրէր ինքզինք անուանել՝ “մատիտ մը Տիրոջ ձեռքերուն մէջ”։ Այդ մատիտը, բազմաթիւ սիրոյ տողեր գրեց։

Ապա Կարդինալ Փարոլին, անդրադարձաւ Մայր Թերեզայի կոչումին, որ հասկցաւ մարդու տառապանքը, աչքերը չփակեց այդ տառապանքին դիմաց եւ գրկեց զայն կարեկցութեամբ։ Կարդինալը նկատեց, թէ Մայր Թերեզայի “գաղտնիքն” էր Աւետարանի խօսքը՝ թէ “Այն, ինչ որ ըրիք իմ այս փոքր եղբայրներէս մէկուն՝ ինծի ըրիք” (Մտթ ԻԵ. 40)։ Մայր Թերեզա աղքատներուն մէջ յայտնաբերեց Քրիստոսի դիմագիծը, եւ ծառայեց անոնց անվերապահ նուիրումով։

Ծիրանաւորը մանրամասնօրէն յիշեց Մայր Թերեզայի կատարած ծառայութիւնը, որ կը տարածուէր աղքատներու, հիւանդներու եւ մանուկներու վրայ։ Չծնեալ երեխաները յատուկ առարկայ եղան անոր մտահոգութեան։

Քարոզի աւարտին, Կարդինալ Փարոլին, նկատեց՝ թէ Մայր Թերեզայի լոյսը աւելի պայծառ պիտի ցոլայ։ Մաղթեց, որ այս լոյսը, որ Աւետարանի անմար լոյսն է, շարունակէ լուսաւորել մեր երկրային ուխտագնացութիւնը եւ այս դժուարին աշխարհի ճանապարհները։








All the contents on this site are copyrighted ©.