2016-09-04 08:09:00

Վերջ գտաւ Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Եպիսկոպոսաց Սիւնհոդոսը


Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ եպիսկոպոսաց տարեկան սիւնհոդոսը, որ սկիզբ առած էր 25 օգոստոս 2016-ին, պաշտօնապէս փակուեցաւ ուրբաթ, 2 սեպտեմբերին, Զմմառու վանքին մէջ` նախագահութեամբ Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Գրիգոր Պետրոս  Ի. կաթողիկոս պատրիարքին եւ մասնակցութեամբ հայ կաթողիկէ թեմերու եպիսկոպոսներուն եւ վիճակաւորներուն:

Հրապարակուած հաղորդագրութեամբ նշուած էր, թէ ժողովները մեծ մասամբ ընդգրկած են ներկայ պայմաններուն մէջ եկեղեցւոյ առաքելութեան դիմագրաւած դժուարութիւնները: Յատուկ ուշադրութիւն տրուած է ապագայ կղերին պատրաստութեան համար կատարուելիք աշխատանքին` հոգեւոր թէ ազգային կազմաւորման ծիրին մէջ:

Հետապնդելով «Ողորմութեան տարուան» ծիրին մէջ եկեղեցւոյ առաջադրած «Նոր աւետարանում»-ի առաքելութիւնը` անհրաժեշտ նկատուած է առաջ տանիլ համագործակցութիւնը կղերական ու աշխարհական դասերու միջեւ, խորացնելու համար քրիստոնէական հաւատքի ճշգրիտ ըմբռնումն ու ապրումը 21-րդ դարուն ներկայացուցած մարտահրաւէրներուն դիմաց:

Սիւնհոդոսական հայրերը գոհունակութեամբ նշած են մօտալուտ լոյս ընծայումը կարգ մը հոգեշահ հրատարակութիւններու: Նախատեսուած է նաեւ պատրաստութիւնը Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ պատմութեան:  Շեշտուած է նաեւ անհրաժեշտութիւնը առաւելագոյն կերպով օգտագործելու հաղորդակցութեան միջոցները, յատկապէս արդիական լսատեսողական միջոցները եւ մամուլը:

Ժողովական հայրերը քննարկած են նաեւ Ֆրանչիսկոս սրբազան պապին Հայաստան կատարած հովուական այցելութեան դրական արձագանգները:

Սիւնհոդոսական  հայրերը յայտարարած են, թէ իրազեկ ըլլալով Միջին Արեւելքի եւ յատկապէս Լիբանանի եւ Սուրիոյ քաղաքական անկայուն կացութեան, եւ բաժնելով այդ ժողովուրդներուն արդար մտահոգութիւնը ապագայի անորոշ վիճակին մասին, իրենց ձայնը կը միացնեն անոնց առողջ ու հայրենասէր տարրերու կոչին` օր առաջ քաղաքական հանրօգուտ ու մնայուն լուծում մը գտնելու անհանդուրժելի կացութեան:

Սիւնհոդոսական հայրերը ողջունելով հայ կաթողիկէ կղերն ու հաւատացեալները ի սփիւռս աշխարհի, կը հայցեն անոնց աղօթքները, որպէսզի ամենաբարին Աստուած բարեխօսութեամբ սուրբ Աստուածամօր` յաջողութեամբ պսակէ սիւնհոդոսական աշխատանքները:








All the contents on this site are copyrighted ©.