2016-09-04 11:58:00

''Ողորմութիւնը Մայր Թերեզային համար եղաւ կեանքի աղ ու լոյս'' ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ։


(Ռատիօ Վատիկան) Կիրակի 4 սեպտեմբեր 2016-ին, Սուրբ պետրոսի հրապարակին վրայ կայացած Մայր Թերեզայի սրբադասման առթիւ մատուցած սուրբ պատարագի  ընթացքին, Սուրբ գրային ընթերցումներէն ետք Սրբազան Քահանայապետը արտասանեց յաւուր պատշաճի քարոզը որուն մէջ  ընդգծեց ողորմութեան իմաստը, մատնանշեց կամաւորներու աշխատանքին, որոնք այսօր կը նշեն իրենց ողորմութեան յոբելեանը ու մեծարեց Մայր Թերեզայի կենցաղն ու գործունէութիւնը։ Քարոզին սկիզբը Սրբազան Քահանայապետը մեկնաբանելով սուրբ գրային ընթերցումները հարց տուաւ ''Ո՞վ կրնայ երեւակայել թէ ի՞նչ կ՛ուզէ Տէրը'' ու այս հարցումէն մեկնելով հաստատեց թէ ''մեր կեանքը խորհուրդ մըն է որուն մեկնաբանութեան բանալին մեր ձեռքերուն մէջ չի գտնուիր եւ թէ մենք պարտականութիւնն ունինք հասկնալու Աստուծոյ կոչը եւ ընդունելու անոր կամքը։ Արդարեւ Աստուծոյ միշտ հաճելի են ողորմութեան ներգործութիւնները, որովհետեւ եղբօր մէջ որուն կ՛օգնենք կը ճանչնանք Աստուծոյ դիմագիծը զոր ոչ մէկը կարող է տեսնել։

Ամէն անգամ որ մենք կը հակինք ու կը հոգանք մեր եղբայրներու կարիքներուն­ մենք Յիսուսին է որ կերակուր ու ջուր տուած կ՛ըլլանք։ Առ այդ մենք կանչուած ենք ի գործ դնելու այն ինչ որ կը կրկնենք աղօթքի ընթացքին ու կը դաւանինք հաւատքի մէջ - ըսաւ Սրբազան Պապը հաստատելով թէ ''Գթութեան այլընտրանք չկայ  եւ անոնք որոնք իրենք զիրենք կը դնեն իրենց եղբայրներուն ծառայութեան ի սպաս, Աստուած կը սիրեն, թէեւ քրիստոնէական կեանքը լոկ կարիքի ընթացքին մատուցուած օգնութիւն մը չէ այլ կոչում մըն է` որով Քրիստոսի իւրաքանչիւր աշակերտ անոր ծառայութեան ի սպաս կը դնէ իր կեանքը որպէսզի ամէն օր աճի սիրոյ մէջ'' ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը ու ակնարկելով Ղուկասի աւետարանէն քաղուած (Ղուկ 14,25) օրուան ընթերցումին մէջ պարունակուած ''Մեծ բազմութեան'', հաստատեց թէ այսօր այդ մեծ բազմութիւնը կը կազմեն կամաւորներու աշխարհը որոնք այսօր հոս համախմբուած են նխելու Ողորմութեան Յոբելեանը։

Դուք ըսաւ Սրբազան Պապը այդ մեծ բազմութիւնն էք որ կը հետեւի Վարդապետին եւ տեսանելի կը դարձնէ անոր սէրը ամէն անհատի նկատմամբ, ու ընդգծեց թէ է Յիսուսի հետեւիլը  լուրջ յանձնառում մըն է որ միեւնոյն ժամանակ ուրախութիւն  է, կը պահանջէ արմատականութիւն ու քաջութիւն` աղքատին մէջ ճանչնալու համար աստուածային Վարդապետը ու անոր ծառայութեան ի սպաս դնելու ինքզինք։

Ասոր համար է որ կամաւորները կը ծառայեն կարիքի մէջ գտնուողներուն ու յետիններուն Յիսուսի սիրոյն համար առանց այդ ծառայութեան փոխարէն շնորհակալութիւն կամ փոխհատուցում ակնկալելու, որովհետեւ անոնք գտան իսկական սէրը - ըսաւ Քահանայապետը ու աւելցուց ''Այնտեղ ուր կայ երկարած ձեռք մը որ օգնութիւն կը հայցէ, այնտեղ պէտք է որ  ներկայ ըլլանք մենք ու Եկեղեցին որ թիկունք կը կանգնի ու յոյս կը պարգեւէ''։

Ֆրանչիսկոս Պապ   քարոզին վերջին հատուածը յատկացուց նոր հռչկաուած Սրբուհիին` Մար Թերեզային։

Մայր Թերեզան ըսաւ ան իր բոլոր կեանքի ընթացքին եղաւ Աստուածային ողորմութեան վեհանձն նուիրողը, բոլորին ցուցաբերելով տրամադրելիութիւն, հիւրընկալութեան ու կեանքի պաշտպանութեան ընդմէջէն`  սաղմէն մինչեւ այն կեանքը որ անտեսուած ու լքուած է։ Ան մարդոց մէջ ճանչցաւ արժանապատուութիւնը զոր Աստուած պարգեւած էր անոնց, իր ձայնը լսելի դարձուց աշխարհի հզօրներուն որպէսզի ճանչնան իրենց սխալները ի տես աղքատութեան ոճիրին` զոր իրենք ստեղծած էին։ Ողորմութիւնը իրեն համար եղաւ ''աղ'' որ կը համեմեր իր ամէն մէկ գործ եւ ''լոյս'' որ կը լուսաւորեր խաւարներն անոնց որոնք այլեւս ոչ իսկ արցունք ունէին արտասուելու համար։

Անոր առաքելութիւնը քաղաքներու  ու գոյութենական արուարձաններուն մէջ կը մնայ մեզի համար որպէս խօսուն վկայութիւն Աստուծոյ մօտիկութեան` աղքատներէն ամէնէն աղքատին։

 

Այսօր այս կնոջ ու նուիրեալ անձի խորհրդանշական պատկերը կը յանձնեմ կամաւորներու աշխարհին Ան թող ըլլայ ձեր սրբութեան տիպարը։ Այս ողորմութեան անխոնջ գործիչը  թող մեզի օգնէ հասկնալու համար թէ մեր գործունէութեան միակ չափանիշը ձրի սէրն է, զերծ գաղափարախօսութենէ  ու կաշկանդումներէ ու նուիրուած բոլորին` առանց խտրութիւն դնելու լեզուի, մշակոյթի, ցեղի կամ կրօնի պատկանելիութեան, ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ ու քարոզը աւարտեց վերյիշելով Մայր Թերեզայի խօսքերը. ''Թէեւ ես անոնց լեզուն չեմ խօսիր­, սակայն կրնամ ժպտալ''։ ''Մեր սրտերուն մէջ կրենք անոր ժպիտը ու զայն նուիրենք բոլոր անոնց որոնց կը հանդիպինք մեր ճանապարհի վրայ­, յատկապէս տառապողներուն'' հրաւէր ուղղեց Սրբազան Քահանայապետը հաստատելով թէ այսպէս ընելով ''ուրախութեան եւ յոյսի հորիզոններ պիտի բանանք անյոյս մարդկութեան դիմաց որ կարիքն ունի հասկացողութեան ու քնքշութեան։








All the contents on this site are copyrighted ©.