2016-09-04 07:06:00

Մայր Թերեզա կը փորձէր աւելի գործել՝ քան խօսիլ։


(Ռատիօ Վատիկան) Աւստրիոյ Վիեննայի արքեպիսկոպոսական թեմէն, Գերապայծառ Մասպուրկ, որ 80ական թուականներուն ծանօթացած էր Մայր Թերեզայի, մնացած էր Սրբուհիի հետ կապի մէջ մինչեւ անոր մահը՝ 1997 թուական։

Գերպ. Մասպուրկ ընկերացած է Մայր Թերեզայի շատ մը ճամբորդութիւններու ընթացքին, որոնց կարգին նաեւ դէպի Հայաստան։ Հոգեւորականը խօսելով Մայր Թերեզայի մասին ըսած է՝ «Մայր Թերեզա կը փորձէր աւելի գործել՝ քան խօսիլ։ Միեւնոյն ժամանակ ան խորապէս արմատացած էր աղօթքի մէջ։ Ան ոչ միայն կաթողիկէ մայրապետ մըն էր, այլ կեանքի սրբութեան միսիոնար մը, հիւպատոս մը՝ անդադրուն կերպով պաշտպանելով չծնած մանուկներու, հիւանդներու եւ մահացողներու արժանապատուութիւնը»։

Օր մը մէկը Մայր Թերեզային հարց կու տայ, թէ աւելի լաւ չէ՞ աղքատներուն սորվեցնել ձուկ որսալ՝ քան անոնց ձուկ տալ ուտելու։ Մայր Թերեզա համաձայն կը գտնուի գաղափարին եւ կը պատասխանէ՝ «Իմ աղքատներս շատ տկար են ձկնորսութեան ձողը բռնել կարենալու համար։ Երբ անոնք իմ տուներուս մէջ կը կազդուրուին, զանոնք քեզի կ՛ուղարկեմ, որ իրենց ձկնորսութիւն սորվեցնես»։

Մարդիկ Մայր Թերեզան կ՛անուանէին Հնդկաստանի Թագուհի։ Այս իրականութիւնը ցոյց կու տայ, թէ որքան անոնք կը սիրէին զինք։ Բոլորը՝ հինտուներ, իսլամներ կամ քրիստոնեաներ, բոլորն ալ Մայր Թերեզայի մէջ կը տեսնէին կեանքի օրինակ մը։ Ան ծանօթ էր բոլորին՝ որովհետեւ անոր կենցաղը վաւերական էր եւ անոր սէրը մարդոց հանդէպ՝ իսկական։

Ամերիկայէն Կաթողիկէ Օգնութեան Միութեան կողմէ Շան Քալլահան իբր կամաւոր համագործակցած է Մայր Թերեզայի հետ։ Նաեւ Ուիլլիըմ Քէննի, որ ներկայիս ԱՄՆի եպիսկոպոսներու Գաղթականութեան եւ Փախստականներու Ծառայութեան կազմակերպութեան նախագահն է, աշխատած է Կալկաթայի մէջ, Մայր Թերեզայի մօտ։

Անոնք իրենց յուշերուն մէջ կը պատմեն, թէ ինչպէս Մայր Թերեզայ երբ կը քալէր Կալկաթայի մէջ, մարդիկ՝ ըլլան անոնք հետիոտն կամ հեծանիւով կամ ինքնաշարժով, մէկ կողմ կը քաշուէին կանչելով՝ «Մայրը կու գայ»։ Ճամբան կ՛ազատուէր, որպէսզի Մայր Թերեզա կարենայ անցնիլ, ինչպէս ժամանակին Կարմիր Ծովը բացուած էր Մովսէս Մարգարէի դիմաց։

Ուիլլիըմ Քէննի կը պատմէ, թէ ինչպէս յետմիջօրէի մը մատրան մէջ կ՛աղօթէր։ «Օդը շատ տաք էր, ելեկտրական հոսանք չկար։ Ես ուժեղ կերպով կը քրտնէի։ Յանկարծ զգացի զով հով մը, որ զիս զովացնել սկսաւ։ Երբ դէպի վար նայեցայ, տեսայ թէ Մայր Թրեզան ներս եկած էր եւ ծնրադիր կ՛աղօթէր։»








All the contents on this site are copyrighted ©.