2016-09-03 11:32:00

Ֆրանչիսկոս Պապին սրտաբուխ խօսքը Վատիկանի մէջ Ափարեսիտայի Տիրամօր արձանին զետեղման առթիւ։


(Ռատիօ Վատիկան) Շաբաթ, սեպտեմբեր 3ին, Ափարեսիտայի Տիրամօր արձանը տեղադրուած է Վատիկանի պարտէզին մէջ։ Ափարեսիտայի Տիրամայրը ընդունուած է իբր Պրազիլի պաշտպան Տիրամայրը։ Ըստ աւանդութեան երեք ձկնորսներ գտած են այդ արձանը։ Ափարեսիտայի Սրբավայրը աշխարհի ամենէն մեծ մարեմեան սրբավայրն է, ուր տեղ կը գտնեն 45000 հոգի։

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը արձանի բացման արարողութեան ընթացքին գոհունակութիւն յայտնած է ըսելով՝ “2013 թուականին խոստացած էի Տիրամօր, վերադառնալ Անոր ուխտավայրը յառաջիկայ տարի. չեմ գիտեր եթէ կարելի պիտի ըլլայ, սակայն առնուազն արձանը ինծի մօտիկ է հիմա։ Կը հրաւիրեմ ձեզ աղօթել որ Տիրամայրը, այս տխուր պահին, շարունակէ´ պաշտպանել Պրազիլը եւ Պրազիլի ժողովուրդը. պահէ´ ամենէն աղքատները, մերժուածները, լքուած ծերերը, փողոցի վրայ գտնուող երեխաները. պահէ´ մերժուածները, որոնք լքուած են ամէն ձեւի չարաշահող ձեռքերու մէջ. փրկէ´ Իր ժողովուրդը՝ շնորհելով ընկերային արդարութիւն եւ Իր որդւոյն Յիսուս Քրիստոսի սէրը։ Սիրով խնդրենք, որ Ան, Մայրը, օրհնէ Պրազիլի ժողովուրդը։ Այդ արձանը գտնուած էր աղքատ բանուորներու ձեռքով. թող այսօր բոլորը գտնեն զայն, մանաւանդ անոնք, որոնք պէտք ունին աշխատանքի եւ ուսման, եւ անոնք՝ որոնցմէ կորզուած է արժանապատուութիւնը։” Իր խօսքի աւարտին, Սրբազան Պապը ներկաներուն հետ միասին աղօթած է Տիրամօր Ողջոյնի աղօթքը եւ ապա միասնաբար հնչեցուցած են Ափարեսիտայի Տիրամօր երգը։








All the contents on this site are copyrighted ©.