2016-09-03 08:58:00

Ապահովութեան Խորհուրդը 21 սեպտեմբերին պիտի գումարէ Սուրիոյ հարցի լուծման նոր նիստ։


ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի նախագահ Ժերար Վան Պոհման յայտարարեց, որ խորհուրդը Սուրիոյ տագնապին լուծում գտնելու համար 21 սեպտեմբերին պիտի գումարէ Նոր Զելանտայի վարչապետ Ճոն Քիի նախագահութեամբ նիստ մը:

Ան նշեց, որ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մուն եւ Սուրիոյ հարցով անոր յատուկ պատուիրակ Սթեֆան տը Միսթուրա նիստին ընթացքին Ապահովութեան խորհուրդի անդամներուն պիտի ներկայացնեն տագնապին լուծման վերաբերեալ իրենց ջանքերն ու պատկերացումը:

Պոհմեն նախատեսեց, որ Ապահովութեան խորհուրդի նիստին մասնակցին խորհուրդի անդամ պետութիւններու շարք մը ղեկավարներ, վարչապետներ, արտաքին գործոց նախարարներ, որոնք նոյն ատեն պիտի մասնակցին ՄԱԿ-ի ընդհանուր ժողովի նոր նստաշրջանին:

Ան նշեց, որ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի ներկայ նախագահ Նոր Զելանտան արդէն սկսած է նշեալ նիստի մասնակցութեան հրաւէրներ յղել խորհուրդի անդամ պետութիւններու ղեկավարներուն, վարչապետներուն եւ արտաքին գործոց նախարարներուն:








All the contents on this site are copyrighted ©.