2016-09-02 15:08:00

Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Հռոմի եւ Արժանթինի Սան Լորենցօ Ֆութպոլի ակումբներու մարզիկները


(Ռատիօ Վատիկան) Ուրբաթ, 2 սեպտեմբեր 2016-ին, Վատիկանի Քլեմենթինա դահլիճին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Հռոմի եւ Արժանթինի ՝  Ֆութպոլի ակումբներու մարզիկները, որոնք շաբաթ, երեկոյեան ժամը 6,00ին, Հռոմի մարզադաշտէն ներս   բարեկամական մրցոյթ պիտի կատարեն եւ որուն նիւթական հասոյթը պիտի տրամադրուի , վերջերս  Իտալիոյ կեդրոնական շրջանը հարուածող երկրաշարժի զոհերուն։

Սիրալիր մթնոլորտի մէջ կայացող հանդիպումին ընթացքին Ֆրանչիսկոս Պապ շնորհակալութիւն յայտնեց յիշեալ երկու ակումբներու մարզիկներուն, երկրաշարժի զոհերու նկատմամբ  իրեցն ցուցաբերած զօրակցութեան համար։

Հռոմի Ֆութպոլի ակումբին կողմէ հրապարակուած հաղորդագրութեան մը մէջ նշուած է թէ , վերոյիշեալ երկու խումերու միջեւ Ֆութպոլի մրցոյթը  կազմակերպուած Է ընտանիքի տօնին առթիւ ՝ նախաձեռնութեամբ Քահանայապետական նոր Աւետարանացման խորհուրդին։

Հռոմի Ֆութպոլի ակումբ մարզիկներու   տարազներուն վրայ պիտի ցուցադրուին Ողորմութեան Սուրբ Տարուան նշանաբանը։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.