2016-09-02 08:00:00

''Ողորմութեան Յոբելենական տարի'' Կամաւորներու ու Ողորմածութեան գործիչներու յոբելեան։


(Ռատիօ Վատիկան) Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին կողմէն հաստատուած ողորմութեան յոբելենական տարուայ ծիրէն ներս` ուրբաթ 2 սեպտեմբերէն մինչեւ կիրակի 4 սեպտեմբեր, Հռոմի ու Վատիկանի մէջ կը նշուի Կամաւորներու ու Ողորմածութեան գործիչներու ողորմութեան յոբելեանը, որուն իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն աւելի քան 24 հազար կամաւորներ։

Այցելել հիւանդ մը, ժպիտ մը կամ բարեկամութիւն նուիրել հաշմանդամի, ժամանակ տրամադրել բանտարկեալին, մի քանի ներգործութիւններ են որոնք նկարագրուած են #BeMercy հաշդակով հրապարակուած տեսերիզին որ կը լուսաբանէ Կամաւորներու աշխարհի ու Ողորմութեան գործիչներու աշխարհը որոնց Յոբելենական տարւոյն նշման օրակարգը սկիզբ կ՛առնէ ուրբաթ 2 սեպտեմբեր 2016-ին Հռոմի Յոբելենական եկեղեցիներուն մէջ կազմակերպուած ս. Հաղորդութեան պաշտամունքի ու խոստովանանքի խորհուրդի մատակարարումով ու Յոբելենական Սուրբ Դուռերէն անցքով։ Նախատեսուած են ապա կամաւորներու գործունէութեան մասին տեղեկատուական ներկայացումներ։

Շաբաթ 2 սեպտեմբերին օրակարգը սկիզբ կ՛առնէ առաւօտեան 8,30-ին Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ նախապատրաստական աղօթքով ու համայն աշխարհէն ժամանած կամաւորներու ներկայացուցած վկայութիւններով, որոնց շարքին անցեալ օրերուն Կեդրոնական Իտալիան հարուածած երկրաշարժէն փլատակներու տակ գտնուող ու 16 ժամ ետք փրկուած աղէտեալ փոքրիկ աղջկայ մը փրկարար պետական ոստիկանները­, ինչպէս նաեւ Սուրիայի պատերազմի հետեւանքով ապաստանել Մաեաս Խէյրոն եւ Բեթղեհէմի Ողորմութեան կազմակերպութեան Պաղեստինցի կաթողիկէ կամաւորուի Քարոլինա Հոտանին։
Ժամը 10-ին, նախատեսուած է Սրբազան Քահանայապետին Յոբելենական հրապարակային ունկնդրութիւնը եւ յետ միջօրէին դարձեալ ս Հաղորդութեան պաշտամունք ու խոստովանանքի խորհուրդի մատակարարում` Հռոմի Յոբելենական Եկեղեցիներու ներքոյ։

Կիրակի 4 սեպտեմբերին բոլոր կամաւորները իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ նախատեսուած Քալքութայի Մայր Թերեզայի սրբադասումի արարողութեան ապա ներկայ պիտի գտնուին Ֆրանչիկսոս Պապին, նոյն վայրին մէջ արտասանած Կիրակնօրեայ Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքին։








All the contents on this site are copyrighted ©.