2016-09-02 13:00:00

Լոյս տեսաւ Ֆրանչիսկոս Պապի Ասսիզի կատարելիք առաքելական ճամբորդութեան օրակարգը


(Ռատիօ Վատիկան) Հինգշաբթի, 1 սեպտեմբեր 2016-ին, Վատիկանի մամլոյ գրասենեակը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ տեղեկացուց Ֆրանչիսկոս Պապի, յառաջիկայ 20 սեպտեմբեր 2016-ին, Ասսիզի  կատարելիք ճամբորդութեան յայտագիրը , ուր Սրբազան Հայրը ներկայ պիտի գտնուի  խաղաղութեան  ի սպաս մատուցուած համաշխարհային աղօթքի օրուայ ձեռնարկին, որ ունի որպէս խորագիր ՝՝Խաղաղութեան ծարաւ։ Կրօնքներ եւ մշակոյթներ երկխօսութեան մէջ”։

Հաղորդագրութեան մէջ նշուած է, թէ երեքշաբթի 20 սեպտեմբեր 2016-ին,  առաւօտեան ժամը 10.30ին, Ֆրանչիսկոս Պապ Վատիկանէն ինքնաթիռով կը մեկնի դէպի Ասսիզի։ Կէս ժամ տեւող թռիչքէ ետք Նորին Սրբութեան ինքնաթիռը էջք կը կատարէ Ասսիզիի ՝՝Միկակելլի՝՝ անուան մարզադաշտ, որմէ անմիջապէս ետք ֆրանչիսկոս Պապ կ՝ուղղուի Ասսիզի վանք ուր ներկայ են Կ. Պոլսոյ Բարթողիմէոս Ա. Տիեզերական Պատրիարքը, Քանթերպուրի Ժուսթին Վելպի Արքեպիսկոպոսը,  Օրթոտոքս Ասորիներու Եփրեմ Բ.  Պատրիարքը, իսլամ եւ հրեայ կրօններու ներկայացուցիչներ, եւ Ճաբոնի պուտտիսթներու առաջնորդը։ Սրբազան Հայրն ու ներկաները միասնաբար կ՝ուղղուին  վանքին թիւ 4 ներքնագաւիթ, ուր Ֆրանչիսկոս Պապ կ՝ողջունէ  աղօթքի ձեռնարկին իրենց մասնակցութիւնը բերող աշխարհի զանազան կրօններու եւ եկեղեցիներու ներկայացուցիչներն եւ Ումպրիա թեմի եպիսկոպոսները։

Կէսօրին՝ ժամը 1,00-ին, Ասսիզի վանքի սեղանատան մէջ  տեղի կ՝ունենայ կէսօրուան ճաշը,  որուն հրաւիրեալներուն շարքին ներկայ կը գտնուին նաեւ պատերազմներու  զոհ եղած մի քանի անձեր։

Ճաշի ընթացքին,  նախատեսուած է Սան Էճիտիոյ հասարակութեան նախագահ Տիար Մարքօ Իմբալիացոյի  ելոյթը , ուրուն մէջ պիտի  յիշէ Բարթողիմէոս Ա. Տիեզերական Պատրիարքի գահակալութեան 25-րդ ամեակը։

Ճաշի աւարտին , ժամը 3.15ին, Ֆրանչիսկոս Պապ հերթաբար առանձնական հանդիպում կ՝ունենայ Բարթողիմէոս Ա. Տիեզերական Պատրիարքի, Ժուսթին Վելպի Արքեպիսկոպոսի, Եփրեմ Բ. Պատրիարքի, ինչպէս նաեւ Հրեայ եւ Իսլամ կրօններու ներկայացուցիչներուն հետ։

Սրբազան Հօր առանձնական հանդիպումներէն ետք, յետմիջօրէին ժամը 4.00-ին, Ասսիզիի զանազան վայրերու մէջ կը կատարուի Խաղաղութեան ի սպաս մատուցուած աղօթք։ Մինչ Սուրբ Ֆրանչիսկոս տաճարին մէջ տեղի կ՝ունենայ համամիութենական աղօթք։

Ժամը 17,15-ին, աղօթքի աւարտին, Սուրբ Ֆրանչիսկոսի տաճարի դիմաց գտնուող հրապարակին վրայ, տեղի կ՝ունենայ ձեռնարկի եզրափակիչ արարողութիւնը, ներկայութեամբ զանազան կրօնքներու ներկայացուցիչներու, որոնք իրենց կարգին  խաղաղութեան պատգամ պիտի ուղղեն համայն աշխարհին։

Ֆրանչիսկոս Պապի,  խաղաղութեան կոչէն ետք, իր գրաւոր պատգամը պիտի յանձնուի զանազան ազգերու պատկան մանուկներուն։

Ապա պահ մը լռութեամբ յարգանքի տուրք կը մատուցուի պատերազմներու զոհերուն, որմէ ետք տեղի կունենայ  խաղաղութեան կոչին ստորագրութիւն, մոմավառութիւն եւ խաղաղութեան ողջոյնի փոխանակում։

Երեկոյեան Ժամը 6.00ին, Ֆրանչիսկոս Պապ հրաժեշտ առնելով ձեռնարկին ներկայ գտնուող հոգեւոր եւ քաղաքական բարձրաստիճան անձնաւորութիւններէն,  ինքնաշարժով կ՝ուղղուի Ասսիզի մարզադաշտ, ուր ինքնաթիռով վերադարձ կը կատարէ Վատիկան։ Ժամանումը նախատեսուած է 19,35-ին։   

 








All the contents on this site are copyrighted ©.