2016-09-02 09:12:00

Արցախի Նախագահ Բակօ Սահակեանի շնորհաւորական ուղերձը Արցախի Հանրապետութեան օրուան առիթով։


Արցախի Նախագահ Բակօ Սահակեան շնորհաւորական ուղերձ յղած է Արցախի Հանրապետութեան օրուան առիթով։ Արցախի Նախագահի մամուլի եւ տեղեկատւութեան վարչութեան փոխանցած տեղեկութիւններով՝ ուղերձին մէջ ըսուած է.

Սիրելի՛ հայրենակիցներ,

Այսօր կը տօնենք Արցախի Հանրապետութեան հռչակման 25-րդ տարեդարձը: Հանրապետութեան իշխանութիւններուն եւ անձամբ իմ անունով ի սրտէ կը  շնորհաւորեմ մեր ողջ ժողովուրդը՝ պետական այս կարեւորագոյն տօնին առիթով:

1991 թուականի Սեպտեմբեր 2-ը շրջադարձային եղաւ արցախահայութեան կեանքին մէջ եւ փոխեց անոր պատմութեան ընթացքը: Մեր վճռորոշ ձայնը բարձրացնելով յօգուտ ազատ ու անկախ Արցախին` մենք ազգովի ձեռնամուխ եղանք պետականաշինութեան գործընթացին, սկսանք կառուցել ժողովրդավարական պետութիւն` միջազգային չափանիշներուն ու սկզբունքներուն համապատասխան:

Մեր ընտրած ուղին բարդ էր ու դժուար: Արցախի ժողովուրդի արդար եւ օրինական պահանջին Ատրպէյճանը հակադարձեց բռնութիւններով ու կոտորածներով եւ սանձազերծեց արիւնալի պատերազմ: Մենք ստիպուած էինք զէնք վերցնելու եւ ամէն գնով պաշտպանելու մեր նորանկախ պետութեան ազատութիւնն ու անվտանգութիւնը, մեր ժողովուրդի խաղաղութիւնն ու անդորրը, մեր պատմական հողն ու իրաւունքները:

Այդ ծանր օրերուն, ինչպէս նաեւ յետագայ բոլոր տարիներուն ընթացքին՝ Արցախի կողքին էին Մայր Հայաստանը եւ Սփիւռքը: Աշխարհասփիւռ հայութեան գործուն աջակցութեամբ եւ աշխոյժ մասնակցութեամբ՝ մենք կրցանք պատուով յաղթահարել բոլոր փորձութիւններն ու դժուարութիւնները, յաղթանակ տարինք մեզի պարտադրուած պատերազմին եւ սկսանք շէնցնել ու զօրացնել բոլորիս համար սուղ ու նուիրական Արցախը, մեր Հայրենիքը:

Մեր կողքին էին նաեւ բարի ու ազնիւ շատ մարդիկ աշխարհի տարբեր ծայրերէն, որոնց համար մարդասիրութիւնն ու ժողովրդավարական արժէքներու պաշտպանութիւնը վեր է ամէն ինչէ: Արցախի ժողովուրդը խորապէս երախտապարտ է իր բոլոր բարեկամներուն եւ բարձր կը գնահատէ անոնց աւանդը մեր անկախ պետականութեան կայացման ու զարգացման գործին մէջ:

Թանկագի՛ն հայրենակիցներ,
Այս տօնական օրը մենք յատուկ երախտագիտութեամբ կը յիշենք մեր բոլոր նահատակները, հայ ժողովուրդի քաջ զաւակները, անոնց, որոնք իրենց կեանքին գնով ճանապարհ հարթեցին մեր հայրենիքի պայծառ ու լուսաւոր ապագային համար: Մենք պարտաւոր ենք միշտ վառ պահել մեր նուիրեալներուն յիշատակը, եւ ատոր լաւագոյն ուղին ազատ ու անկախ Արցախի շարունակական զարգացումն ու զօրացումն է:

Մէկ անգամ եւս կը շնորհաւորեմ բոլորդ՝ յիշարժան տօնին առիթով՝ եւ կը մաղթեմ քաջառողջութիւն, յաջողութիւններ ու ամենայն բարիք, մեր ժողովուրդին` խաղաղութիւն ու բարեկեցութիւն:

ք.Ստեփանակերտ, 2 Սեպտեմբեր 2016

Քաղուած Եռագոյնէն








All the contents on this site are copyrighted ©.