2016-09-02 08:00:00

՝՝Մայր Թերեզան լիուլի Հնդիկ սուրբ մըն է՝՝ Հնդկաստանէն զանազան վկայութիւններ


(Ռատիօ Վատիկան) Կիրակի 4 սեպտեմբեր 2016-ին Մայր Թերեզայի սրբադասման արարողութեան նախօրեակին, Հնդկաստանի եպիսկոպոսաց համահաւաք դասը հրապարակած է հաղորդագրութիւն մը , որուն մէջ նշած է,  թէ Մայր Թերեզայի սրբադասումը յոյժ կարեւոր դէպք մըն է համայն Հնդկաստանին համար։

՝՝Մայր Թերեզայի սրբադասումը շատ կարեւոր դէպք մըն է  Հնդկաստանին համար։ Երախտապարտ ենք Հնդկաստանի կառավարութեան, յառաջիկայ 4 սեպտեմբերին  Վատիկանի մէջ  կայանալիք սրբադասման արարողութեան նկատմամբ ցուցաբերած զօրակցութեան համար.՝՝ գրած է Հնդկաստանի Եպիսկոպոսաց դասի քարտուղարը աւելցնելով ՝ Մայր Թերեզայի սրբադասումը , աշխարհին համար  շատ կարեւոր օր մըն է,  յատկապէս հնդիկներուն, տրուած ըլլալով , որ Մայր Թերեզան,  Ալպանիանէն Հնդկաստան հասած է,  սերմանելու համար Աւետարանի արժանիքները,   հասնելու համար արուարձաններուն մէջ ապրող  միլիոնաւոր անձերուն, շրջանցելով դաւանանքի եւ կրօնքի սահմանները։   

Գերապայծառ Մասքարենհաս,  Ֆիտես լրատուական գործակալութեան յայտնած է,  թէ Հնդիկ Ժողովուրդը աւելի հարստացած է  շնորհիւ Մայր Թերեզայի չքաւորութեան ու համեստութեան։ Մայր Թերեզան, հնդկաստանի ժողովուրդին մէջ ապրեցաւ  լի ողորմութեամբ,  շնորհելով ողորմութիւն   բոլոր կարիքաւորներուն ։

Հնդկաստանի ներքին գործոց նախարարը վերահաստատած է հնդիկ ժողովուրդին խօսքերը՝՝  Մայր Թերեզան մեր սուրբն է՝՝ ։

Իսկ ՝Տելհի թեմի Արքեպիսկոպոս ՝Գերապայծառ Անիլ Քութօ, ցուցադրելով Մայր Թերեզայի երանացման եւ սրբադասման  զանազան հանգրուանները,  յիշեցուցած է, թէ ՝՝ Քահանայապետը չէ որ սրբադասում կը շնորհէ, այլ միայն Աստուած է,  մինչ՝ Պապը կը դիւրանցէ սրբադասման գործընթացը  եկեղեցւոյ  եւ Աստուծոյ ժողովուրդին հաշւոյն՝՝։

Միւս կողմէ  Հնդկաստանի Քարիթասի փոխ նախագահը Փոլ Մունժելի, հաստատած թէ

՝՝Մայր Թերեզան կը շարունակէ ներշնչել Հնդկաստանի Քարիթասը, կարիքաւորներուն  եւ մեկուսացեալներուն հասնելու յանձնառութեան մէջ, գթասիրութեան ու եղբայրասիրութեան հոգիով՝՝։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.