2016-09-02 15:50:00

2016 Տարին Ողորմութեան Սուրբ Տարի


Ողորմածութիւն (ԺԷ)

Նախորդ հաղորդումին մէջ լսեցինք հատուած մը Սուրբ Յովհաննէս Մանդակունիէն, որ կը խօսէր ողորմութիւն տալու մասին։

Շարունակելով Սուրբ Հայրապետին խրատները այսօրուան հաղորդումին մէջ յառաջ կը բերենք հատուածներ «Վասն Պտղոց եւ Պատարագաց եւ ողորմութեան»։

Սատանան բազում գաղտնաձիգ նետերով կը վիրաւորէ մեզ, բայց վէրքերը չերեւցներ. մեր գործերու սկիզբը մեզի ցոյց կու տայ, թէ առաքինի ընթացք ունինք, բայց կʼաւարտի  ահաւոր անօրէնութիւններով. մեր չարչարանքներու համար վարձատրութիւն ստանալու փոխարէն՝ անօրէնութիւններու եւ մեղքերու տակ կը դնէ, ինչպէս Կայենը՝ իր ընծաներով (Ծն. 5)։

Այլ եթէ կը կամենաս քու մեղքերուդ թողութիւն խնդրել, կանչէ՛ որբերը եւ այրիները, նեղեալները եւ տառապեալները, խեղանդամները, կոյրերը եւ կաղերը, կարօտեալները եւ գերիները, բոլոր քաղցեալները եւ անմխիթարները, զանո՛նք մխիթարէ, զանո՛նք սփոփէ, զանո՛նք կերակրէ, միայն անո՛նց սպասաւորէ, անո՛նց շուրջը դարձիր, զանո՛նք ուրախացուր եւ քաղցր խօսքերով ծառայէ, որպէսզի քու ընտանիքիդ մեղքերու թողութիւն եւ փրկութիւն ըլլայ։ Այդպէ՛ս կազմակերպէ զոհաբերութեանդ հրաւէրը եւ հարուստները եւ մեծամեծները մի՛ ընդունիր թշուառներու եւ աղքատներու հետ, այլ թող աղքատնե´րը ըլլան պատուաւոր աթոռին, եւ անոնք՝ բարձրագլուխ, անո՛նք՝ սեղանի գլուխը, մինչ հարուստները՝ վարը. մի´այն աղքատները ընդունէ աղաչանքներով եւ մի´այն զանոնք ճանապարհէ աղերսանքներով։ Եւ եթէ այդպէս ընդունիս, ոչ թէ տուած կ’ըլլաս, այլ կ’ընդունիս. ոչ թէ ծախսած կ’ըլլաս, այլ մեծամեծ շահ կը հաւաքես եւ թողութիւն կը ստանաս։ Այս բոլորի մասին տէրը կʼըսէ. «Երբ ճաշ կամ ընթրիք կու տաս, մի կանչեր հարուստները», որպէսզի անոնց ուշադրութիւն դարձնելով՝ աղքատները չարհամարհուին, իսկ դուն աչառու ըլլալուդ պատճառաւ՝ իբրեւ օրինազանց չդատուիս, ըստ այն խօսքին, որ կʼըսէ. «Եթէ շքեղ զգեստներ ունեցողին ըսէք. ʼդուն նստիր այստեղ՝ պատուաւոր տեղʼ, իսկ աղքատին ըսէք ʼԵկուր նստիր իմ պատուանդանիս մօտʼ, այդ ընելով՝ դուք արդեօք ձեր մէջ աչառութիւն ըրած եւ չար խորհուրդներու դատաւոր չէ՞ք ըլլար» (Յակ Բ. 3-4). քանզի հարուստներուն հաճոյանալով՝ մեղք կը գործէք՝ իբրեւ օրինազանց հանդիմանուելով օրէնքէն։

Աղքատներուն համար տրուած խնճոյքին՝ աղքատներն ու հարուստները միասին մի հաւաքեր, որպէս զի այդ խնճոյքը քեզի դատապարտութիւն չըլլայ. որովհետեւ հարուստները մտնելով՝ բարձ ու պատիւ կը փնտռեն, պատուաւոր տեղերը, փառաբանութիւն, յարգանք ու շողոքորթութիւն կը պահանջեն քեզմէ. իսկ աղքատները կը նստին ներսը՝ մոռցուած, խոնարհ եւ լուռ։ Լաւ եւ ընդունելի կոչունք չէ սա. ո´չ ոք որոմը ցորենի հետ կը սերմանէ եւ փուշը որթատունկի հետ կը տնկէ, ո´չ ալ պէտք է մարդահաճութիւն եւ սնափառութիւն խառնես խոնարհութեան եւ մեղքերու ապաշխարութեան հետ. անոնք զիրար կը խանգարեն եւ կʼապականեն։

Քեզի համար անհնարին է մէկ աչքով երկինք նայիլ, իսկ միւսով՝ երկիր, եւ այն օրը հաճելի ըլլալ մարմանւորներուն եւ հոգեւորներուն միաժամանակ։

Հոգեւորները կʼաղաչեն եւ կը խնդրեն՝ քեզ երկինք տանիլ, իսկ մարմնաւորները՝ շողոքորթութեամբ եւ սնափառութեամբ, բազում սուտ խօսքերով եւ սուտ յարգանքով՝ դէպի անդունդ կը քաշեն քեզ։ Հոգեւորները կը հրաւիրեն դէպի լոյս, իսկ մարմնաւորները կʼառաքեն դէպի խաւարը։ Ահա այսպիսի վնասակար խափանիչ է քեզի համար աղքատներու խնճոյքին՝ հարուստները հրաւիրելը։ Այլ դուն աղքատները սփոփէ, աղքատները հանգստացուր, աղքատներուն աղաչէ, հացդ քաղցողնրուն բաժնէ, մերկերը հագուեցուր, անօթեւանները քու տունդ տար, «այն ժամանակ կը կանչես, եւ Աստուած քեզ պիտի լսէ. մինչեւ դուն խօսիս, Ան քեզի պիտի ըսէ՝ ահա հասած եմ» (Ես ԾԸ. 9)։

Այսքան շահաւէտ է աղքատները ընդունիլը, եւ անոնց աղօթքները Աստուծոյ մօտիկ են։ Այս մասին մարգարէն կʼըսէ. «Երանի անոր, որ աղքատներուն եւ տնանկի մասին կը մտածէ, փորձանքի օրը Տէրը զայն կը փրկէ։ Տէրը կը փրկէ եւ կը պահպանէ զայն, երանելի կը դարձնէ երկրի երեսին, եւ չի մատներ զայն իր թշնամիներուն ձեռքը» (Սաղմ Խ. 2-3)։ Արդ, կարօտեալները կերակրելու համար երանութիւնը այս է. Եւ Քրիստոս իրեն մատուցուած կը համարի զայն։ Իսկ հարուստներուն համար բացուած սեղանէն ի՞նչ կը շահիս, եւ կամ ի՞նչ օգուտ ունի այն. քանզի շահաւէտ է քաղցածները ընդունիլ՝ եւ ոչ կուշտերը, եւ Քրիստոս ալ չ’ըսեր, թէ՝ «Կուշտերը կերակրեցէք», չ’ըսեր, թէ՝ «հագեցածներուն ջուր տուէք», այլ. «Ծարաւածներուն խմելու ջուր տուէք, մերկերը եւ հագուեցուցէք, օտարները ձեր մէջ ընդունեցէք» (հմմտ. Մտթ ԻԵ. 35-36)։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.