2016-09-01 12:24:00

Ֆրանչիսկոս Պապին պատգամը՝ Արարչութեան նուիրուած աղօթքի միջազգային օրուան առիթով։


(Ռատիօ Վատիկան) Այս տարի քրիստոնեայ Եկեղեցիները, երկրորդ անգամ ըլլալով, միասին կը նշեն Արարչութեան համար կատարուած աղօթքի միջազգային օրը։ Այս առիթով Ֆրանչիսկոս Պապ պատգամ մը ուղղած է, ուր կը նշէ, թէ այս ձեռնարկը առիթ մըն է, որ քրիստոնեայ հաւատացեալներ նորոգեն արարչութեան պահպանման իրենց կոչումի յանձնառութիւնը, շնորհակալութեան աղօթք բարձրացնելով Առ Աստուած, որ մեզի յանձնած է Իր արարչութիւնը, եւ խնդրել Անոր օգնութիւնը՝ կարենալ պահպանելու համար արարչութիւնը, խնդրել Անոր ողորմածութիւնը՝ մեր մեղքերու քաւութեան համար։

Սրբազան Հայրը քաջալերական կը նկատէ այն պարագան, որ երկրագունդի ապագայի մտահոգութիւնը կը բաժնեն քրիստոնեայ Եկեղեցիները եւ այլ կրօնքներ, յիշելով յատկապէս Բարթողոմէոսս Տիեզերական Պատրիարքը եւ անոր նախորդ՝ Տիմիդրիոս Պատրիարքը։

Ապա Ֆրանչիսկոս Քահանայապետ 5 կէտերու մէջ կը բովանդակէ իր պատգամը, նկատելով, թէ երկրագունդը կ՛աղաղակէ մարդու ձեռքով կատարուած աւերման դէմ։ Մարդը, որ մեղանչած է բնութեան դէմ, պէտք է քննէ իր խիղճը եւ զղջայ, փոխէ իր աւերիչ ընթացքը եւ կատարէ ողորմածութեան գործեր։

Չենք կրնար անտարբեր մնալ այն իրականութեան դիմաց, որ բնութեան համակարգեր Կ՛աւերուին՝ մեր անպատասխանատու եւ եսասէր վարուելակերպի պատճառով, կը գրէ Սրբազան Հայրը։

Օրինակ մը բերելով, Ֆրանչիսկոս Պապ կը յիշէ, թէ երկրագունդի ջերմաստիճանը հետզհետէ կը բարձրանայ, որուն հետեւանքով տեղի կ’ունենան բնական աղէտներ։ Պէտք է նկատի առնել, որ բնութեան համակարգին մէջ մարդը եւ արարածները սերտօրէն կապուած են իրարու։ Երբ վատ կերպով կը վերաբերինք բնութեան հետ՝ վատ է մեր վերաբերմունքը նաեւ մարդկային էակներու հանդէպ։

Հետեւաբար, կը յորդորէ Սրբազան Պապը, պէտք չէ չարաշահենք բնութիւնը անհեռատես եւ անձնասէր կեցուածքով, եւ ոչ ալ անտեսենք զայն, այլապէս մեղանչած կ’ըլլանք։

Ֆրանչիսկոս Պապ կը յիշէ Բարթողոմէոսս Պատրիարքի խօսքը, որ բազմիցս եւ մարգարէաշունչ կերպով քաջաբար նկատած էր, թէ կատարուածը “ոճիր մըն է բնութեան դէմ, ոճիր՝ մարդու դէմ, եւ մեղանչանք Աստուծոյ դէմ”։ Ողորմածութեան յոբելինական տարին առիթ մը կը շնորհէ ապաշխարութեան եւ դարձի - դիտել կու տայ Սրբազան Քահանայապետը ու կը հրաւիրէ ''քննել մեր խիղճը ու զղջալ''։

Ուղեւորութեան սկիզբը միշտ խղճի քննութիւնն է, որ մեզ կը մղէ երախտագիտութեան՝ ճանչնալով աշխարհը իբր պարգեւ Հօր սիրոյն. մեզ կը մղէ սիրալիր գիտակցութեան, որ մենք միւս արարածներէն բաժան չենք, այլ կը կազմենք տիեզերական միասնութիւն մը։ Ողորմած Հայրը կը սպասէ մեր դարձին. հետեւաբար, խղճի լուրջ քննութենէ եւ զղջումէ ետք կրնանք խոստովանիլ մեր մեղքերը, գործուած Արարիչին, արարչութեան եւ մեր եղբայրներուն եւ քոյրերուն դէմ։

Ապաշխարանքին կը հետեւի կեանքի ընթացքին ճշդումը, գործնական քայլերու որդեգրումը, ըստ աստուածային պատուիրանին՝ խնայելով արարչութեան եւ խնամելով զայն։ Ապաշխարանքը եւ դարձը կը պահանջեն արարքներ։ Այստեղ Սրբազան Հայրը կը յիշէ հիւսիսի եւ հարաւի երկիրներու յարաբերութեան վատ վիճակը, եւ կոչ կ’ուղղէ, որ հոգ տարուի աղքատ երկիրներու կենսոլորտին։

Բնութիւնը մեր հասարակաց տունն է, հետեւաբար բոլորին պարտականութիւնն ու պատասխանատուութիւնն է պահպանել հասարակաց տունը։ Այս հարցին մէջ կը պահանջուի նաեւ քաղաքական յաւելեալ գիտակցութիւն։

Վերջապէս, Ֆրանչիսկոս Պապ անդրադառնալով քրիստոնէական կեանքի անբաժանելի մաս կազմող ողորմածութեան մարմնաւոր եւ հոգեւոր արարքներուն, կը նշէ, թէ ողորմածութեան ենթական՝ ինքնին մարդկային կեանքն է իր ամբողջականութեամբ։ Ողորմածութեան յիշեալ արարքները պէտք է խոր գիտակցութեամբ գործադրուին արարչութեան նկատմամբ։

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետ հուսկ պատգամը կը փակէ աղօթքով։








All the contents on this site are copyrighted ©.