2016-09-01 09:54:00

Թուրքիոյ մէջ կրօնական ազատութեան վիճակը կը քննադատուի


ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- «Ամերիկայի Ձայն»ը կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը հրապարակած՝ «Կրօնական Ազատութիւններու Տեղեկագիր»ին մէջ քննադատութիւններ կան Թուրքիոյ հասցէին։ Տեղեկագիրը դիտել կու տայ, որ զանազան կրօնքներու դէմ անիրաւութիւններ կը գործադրուին. օրինակ, ալաուիներու կրօնական հաւաքավայրերը չեն ընդունուիր որպէս աղօթատեղի, ու անոնց երեխաները կը շարունակեն ենթարկուիլ իսլամ կրօնքի դասաւանդութեանց։ Թուրքիա նաեւ չ՛արտօներ, որ կրօնական փոքրամասնութիւնները իրենց հոգեւորականները երկրին մէջ պատրաստեն։ Նաեւ, մինչ սիւննիներու մզկիթներուն առատ յատկացումներ կը կատարուին, միւս կրօնքներու աղօթատեղիները սեղմումներու տակ կը պահուին։

2015ի տուեալները նկատի ունեցող այս տեղեկագիրին մէջ կը շեշտուի, որ ոչ-իսլամները յարձակումներու կամ սպառնալիքներու նշաւակ կը դառնան։ Հայ համայնքին յատկացուած բաժինին մէջ դիտել կը տրուի, որ պետութիւնը կը շարունակէ չճանչնալ Պոլսոյ Հայոց պատրիարքարանի բարոյական ինքնութիւնը, բան մը, որուն հետեւանքով պատրիարքարանը կը ստիպուի կալուածական գործողութիւնները կատարել ուրիշներու անունով։ Տեղեկագիրին մէջ կը յիշուի նաեւ, որ զինուորական ծառայութեան ընթացքին սպաննուած Սեւակ Պալըքճըի դատավարութիւնը դեռ չէ աւարտած։

Տեղեկագիրին մէջ դիտել կը տրուի, որ տակաւին չէ բացուած Հէյպելիի Յունաց դպրեվանքը, իսկ պետութիւնը կը մերժէ ճանչնալ նաեւ յոյներու պատրիարքին «Էքումենիք» տիտղոսը։ Կը քննադատուի նաեւ այն իրողութիւնը, որ զանազան համալսարաններու եւ հաստատութիւններու մօտ կը բացուին իսլամ աղօթատեղիներ։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.