2016-09-01 09:50:00

Այսօրուընէ կը դադրին Ընտանիքի եւ Աշխարհականներու խորհուրդներու գործունէութիւնը։


(Ռատիօ Վատիկան) Այսօր` մէկ սեպտեմբեր 2016-էն սկսեալ դադրած կը նկատուի Ընտանիքի եւ Աշխարհականներու Քահանայապետական խորհուրդներու գործունէութիւնը, ի տես անցեալ 4 յունիս 2016-ին Ֆրանչիսկոս Պապին` Կարդինալներու Խորհուրդի առաջարկին վրայ առած որոշումին, որով ստեղծուեցաւ` վատիկանի վարչակազմի ''աշխարհականներու­ ընտանիքի եւ կեանքի ի նպաստ'' նոր մարմին մը, զոր հաստատուեցաւ 17 օգոստոս 2016-ին Քահանայապետի “Sedula Mater” ինքնագիր նամակով եւ որուն կառավարիչ անուանուեցաւ Տալլասի երբեմնի եպիսկոպոս` գերապայծառ Քեվին Ֆարրել։

Միեւնոյն ատեն Ֆրանչիսկոս Պապ Ընտանիքի քահանայապետական խորհուրդի երբեմնի նախագահը գերապայծառ Վինչենցօ Փալիան անուանեց Ամուսնութեան ու Ընտանիքի ուսումնասիրութեան ''Յովհաննէս Պօղոս Բ''-ի անուան քահանայապետական  հաստատութեան Աւագ Ատենադպիր ու Կեանքի Քահանայապետկան կաճարի նախագահ։








All the contents on this site are copyrighted ©.