2016-08-31 12:00:00

“Մարդկային համապարփակ զարգացման ծառայութեան” նոր Խորհուրդի ստեղծում։

(Ռատիօ Վատիկան) Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը օգոստոս 31ին հրապարակած է  ''Humanam progressionem'' “Ինքնաբուխ Գիրը”, որով կը հաստատէ Քահանայապետական նոր Խորհուրդ, անոր յանձնելով “մարդկային համապարփակ զարգացման ծառայութիւնը։”

Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակը այս առթիւ հրատարակած յայտարարութեան մը մէջ տեղեկացուցած է, թէ յիշեալ խորհուրդի կանոնագիրը վաւերացուած է Սրբազան Պապի կողմէ տարւոյս օգոստոս 17ին։

Խորհուրդի աշխատանքները կը սկսին 2017 թուականի յունուար 1էն։ Անոր մէջ կը միանան ցարդ գործող՝ Արդարութեան եւ Խաղաղութեան, Քոր Ունումի, Գաղթականներու եւ Պանդուխտներու Հովուականի եւ Առողջապահութեան մարզէն ներս Գործողներու Քահանայապետական չորս Խորհուրդները։

Յառաջիկայ յունուարի մէկին կը դադրի յիշեալ չորս խորհուրդներու գործունէութիւնը։ Նորակազմ Խորհուրդի փախստականներու եւ գաղթականներու բաժանմունքը ժամանակաւորապէս պիտի ենթարկուի ուղղակի Սրբազան Պապին։

Ֆրանչիսկոս Քահանայապետ նոր խորհուրդի նախագահ նշանակած է Կարդինալ Փեթեր Քոտվօ Ափփիա Թուրքսոնը, որ ցարդ նախագահն էր Արդարութեան եւ Խաղաղութեան Քահանայապետական խորհուրդին։

All the contents on this site are copyrighted ©.