2016-08-31 09:37:00

Քաղդէացիներու Պատրիարքին նամակը. ''հասաւ ժամանակը միասնական դիրք բռնելու ահաբեկչութեան դէմ''։


(Ռատիօ Վատիկան) Քաղդէացիներու Լուիս Ռաֆայել Սաքօ Պատրիարք,  պատրիարքարանի կայքին վրայ հրապարակած է նամակ մը ,  որուն մէջ յայտարարած է ՝՝ թէ  հասած է ժամը բարի կամք ունեցող մահմետականներուն եւ ոչ մահմետականներուն,  լրջօրէն դիմագրաւելու այն  դժուարին կացութեան, որ յառաջ եկած է  Տահեշը՝ տարածաշրջան  մուտք գործելէ ետք։   

Ըստ Պատրիարքին, Տահեշի քաղցկեղը կասեցնելու համար, որմէ յառաջ կու գայ ատելութիւն, մեկուսացում, բռնութիւն եւ համակեցութեան մերժում, մահմետականները պէտք են , վճռական ու միասնական դիրք բռնեն։ Անոնք պէտք են աշխարհին ցոյց տան, որ իրենց դաւանած հաւատքը հակառակ է որեւէ ծայրայեղական երեւոյթի։ ՝՝Մահմետական կրօնքը տարբեր է այն ամէն բաներէն  զոր Տահեշը կը գործէ՝՝ գրած է Պատրիարք Սաքոն   ապա յայտնած է,  թէ  աշխարհի բոլոր կրօնքները կը  պարունակեն սէր, ու  ներում։

Նամակին մէջ Պատրիարքը ընդգծած է,  որ քրիստոնեաները սպասումի վիճակի մէջ են համագործակցելու եւ քով քովի  աշխատելու երիտասարդներու եւ կրօնային իշխանութիւններուն հետ,  դիմագրաւելու համար ահաբեկչութիւնը եւ ծայրայեղականութիւնը, ազատութեան ու  համակեցութեան մշակոյթը տարածումի միջոցաւ  ինչպէս նաեւ մարդկային իրաւունքներու յարգանքով։

Այս մէկը կատարելու համար Քաղդէացիներու պատրիարքը յորդորած է դպրոցներու մէջ  բարելաւում կատարել,  որովհետեւ դպրոցը  մինչեւ այսօր նկատուած է ծայրայեղականութեան ուսուցումի առաջնակարգ աղբիւր։ 

Նամակին աւարտին Քաղդէացիներուն պատրիարքը ընդգծած է թէ  բոլոր մարդիկը իրաւունք ունին ապրելու  կայուն  եւ ապահով վիճակի մէջ,  հաստատելով թէ  Քրիստոնէութիւնը ծնունդ առած եւ բարգաւաճած է Արեւելքի մէջ։  Քրիստոնեաները արեւելքի  մէջ  պատճառ դարձան մշակոյթի եւ արաբական քաղաքացիութեան բարգաւաճման գրած է Պատրիարք Սաքօ շեշտելով՝ թէ  քրիստոնեաներու դէմ գործուած յարձակումները մեղք կը նկատուին։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.