2016-08-31 13:12:00

Պետական Քարտուղարութեան հաղորդագրութիւնը ''Քոլոմպիայի մէջ բանակցութիւններու մասին''։


(Ռատիօ Վատիկան) Սուրբ Աթոռի Պետական քարտուղարութիւնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը հայող Քոլոմպիայի կառավարութեան ու ապստամբ խմբաւորումներու միջեւ բանակցութիւններուն որուն մէջ կը նշէ թէ ''Սրբազան Քահանայապետը իր խնդակցութիւնը կը յայտնէ ի տես Քոլոմպիայի կառավարութեան ու ապստամբ FARC-EP խմբաւորումներու միջեւ կայացած բանակցութիւններու եզրափակումին, վերջին տարիներու ընթացքին իրականացուած խտացուած գործընթացի աւարտին, եւ թէ մտադիր է վերահաստատել իր աջակցութիւնը համայն Քոլոմպիայի ժողովրդի հաշտութեան ու ներդաշնակ կեանքի ձգտելու նպատակին, մարդկային իրաւունքի ու քրիստոնէական արժէքներու լոյսին տակ որոնք կը կազմեն Լատին Ամերիկայի մշակոյթի  կեդրոնը։

Անցեալ 12 օգոստոս 2016-ին Սրբազան Քահանայապետը հրաւէր ստացած էր նշանակելու վատիկանեան ներկայացուցիչ մը որ իր մասնակցութիւնը բերէ ''Դատաւորները ընտրող յանձնաժողովին'' որոնք պիտի կազմեն ''յանուն խաղաղութեան յատուկ իրաւասութեան'' կոմիտէն։ Այսուամենայնիւ նկատի առնելով տիեզերական եկեղեցւոյ կոչումը ու Սուրբ Պետրոսի յաջորդին առաքելութիւնը որպէս Աստուծոյ ժողովուրդին Հովիւ, աւելի յարմար կը նկատուի որ այդ պարտականութիւնը տրուի այլ իշխանութիւններու։

Ֆրանչիսկոս Պապը Քոլոմպիայի մէջ խաղաղութեան գործընթացը կը յանձնէ խաղաղութեան թագուհի` Աստուածամօր մայրական պաշտպանութեան, ու կը հայցէ Սուրբ Հոգւոյն պարգեւը որպէսզի լուսաւորէ սրտերն ու միտքը բոլոր անոնց որոնք կանչուած են կառուցելու Քոլոմպիայի ազգային հասարակաց բարիքը։








All the contents on this site are copyrighted ©.