2016-08-30 09:47:00

Իտալիոյ մէջ այսօր եւս ազգային սուգի օր է. Երակրաշարժի զոհերուն յուղարկաւորութիւնը։


(Ռատիօ Վատիկան) Երեքշաբթի 30 օգոստոս 2016-ի երեկոյեան 6-ին Իտալիոյ երկրաշարժէն ծանր վնասներ կրած Ամաթրիչէ քաղաքին մէջ տեղի կ՛ունենայ Երկրաշարժի զոհերուն յուղարկաւորութեան պաշտօնական արարողութիւնը, մասնակցութեամբ Նախագահ Մաթթարելայի ու Վարչապետ Ռենցիի ինչպէս նաեւ կառավարական ու քաղաքացիական այլ բարձրաստիճան ներկայացուցիչներու, եւ այս առթիւ Իտալիոյ Կառավարութիւնը 30 օգոստոսը յայտարարած է ազգային սուգի օր։ Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը կը նախագահէ Ռիեթի Թեմին եպիսկոպոսը` գերապայծառ Տոմնեիքօ Փոմփիլի։

Կառավարութիւնը ապա ապահովեցուցած է, որ աւերուած քաղաքներու վերականգնումը պիտի սկսի յառաջիկայ գարնան: Իշխանութիւնները խոստացած են քանդուած բնակավայրերու ամբողջական վերականգնումը։

Մինչ այդ աղէտեալ բնակչութիւնը պիտի տեղաւորուի  փայտէ տուներու մէջ, որոնք նաեւ առաւել անվտանգ են երկրաշարժներու վտանգին տեսակէտէն։

Ըստ իտալական «Քորրիերէ տելլա Սերա» օրաթերթին, 40 քառակուսի մեթր տարածքով փայտէ տուները պիտի արժեն 55 հազար եւրօ: Ընդամէնը կ՛ենթադրուի տեղադրել 35 միլիոն եւրօ ընդհանուր արժողութեամբ 700 տուն:

Օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Իտալիոյ վարչապետ Մաթէօ Ռենցի երկրաշարժին հետեւանքները վերացնելու հարցերուն վերաբերեալ խորհրդակցած է նշանաւոր ճարտարապետ Ռենցօ Փիանոյի հետ:

Յիշեցնենք, որ 24 օգոստոսին կեդրոնական Իտալիան հարուածած 6,0 աստիճան ուժգնութեամբ երկրաշարժին պատճառով արձանագրուած է 292 զոհ եւ շուրջ 500 վիրաւոր։








All the contents on this site are copyrighted ©.