ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Արցախփրէս».– Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան հռչակման 25ամեակին նուիրուած նախաձեռնութիւնները պիտի սկսին 1 Սեպտեմբերին եւ պիտի տեւեն մինչեւ 3 Սեպտեմբեր ներառեալ։
Լեռնային Ղարաբաղի Ազգային ժողովի պաշտօնական կայքին համաձայն՝ տօնական նախաձեռնութիւնները ընթացք պիտի առնեն Արցախի դպրոցներէն, ուր պիտի տրուին «Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը 25 տարեկան է» նիւթով դասեր:
Նոյն օրը Ստեփանակերտի Վերածնունդի հրապարակին վրայ պիտի կայանան մարզական եւ մշակութային միջոցառումներ, իսկ Ստեփանակերտի կեդրոնական օղակաձեւ պուրակին մէջ՝ զինուորական նուագախումբի համերգ:
Այնուհետեւ, 2 Սեպտեմբերին տօնական նախաձեռնութիւնները պիտի սկսին երթով՝ Ստեփանակերտի Վերածնունդի հրապարակէն դէպի քաղաքային յուշահամալիր:
Նախատեսուած են նաեւ բացօթեայ տօնական միջոցառումներ՝ Ստեփանակերտի Ստ. Շահումեանի անուան պուրակին, Շ. Ազնաւուրի անուան կեդրոնին մէջ, Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ կից եւ այլ վայրերու մէջ: Նոյն օրը մշակոյթի եւ երիտասարդութեան պալատին մէջ տեղի պիտի ունենայ «Հայաստանի դրամաշրջանառութեան պատմութիւնը» խորագիրով ցուցահանդէսի, իսկ Շուշիի մէջ հանրակացարանային համալիրի բացումը:
Երեկոյեան Վերածնունդի հրապարակին վրայ պիտի կայանայ տօնական համերգ եւ հրավառութիւն:
Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան հռչակման 25րդ տարեդարձին նուիրուած նախաձեռնութիւնները պիտի եզրափակուին 3 Սեպտեմբերին, Քաշաթաղի շրջանի Աղաւնոյ գիւղին մէջ նոր թաղամասի բացման հանդիսաւոր արարողութեամբ:
All the contents on this site are copyrighted ©. |